Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսի Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆայսալ Մըքտատի եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութեան հետ հանդիպումի ընթացքին յայտնեց. «Սուրիական բանակը պէտք է այդ երկրի բոլոր սահմանները առնէ իր վերահսկողութեան տակ, եւ պէտք է յարգել Սուրիոյ գերիշխանութիւնը, որովհետեւ այս հարցին նկատմամբ թերացումը բազմաթիւ վտանգներու պիտի յանգեցնէ»: Այս մասին հաղորդեց ԻՐՆԱ լրատու գործակալութիւնը:
«Ես վստահ եմ, որ սուրիացի համբերատար ու դիմադրող ժողովուրդին խոստմնալից ապագայ մը կը սպասէ», ըսաւ Ռայիսի:
«Ինչպէս իրանեան յեղափոխութեան ղեկավար Ալի Խամենէին յայտարարեց, ամերիկացիները պէտք է հեռանան Սուրիայէն», յայտնեց Իրանի նախագահը ` աւելցնելով. «Եփրատի արեւելեան ափէն ու ամբողջ շրջանէն Ամերիկայի հեռանալը արեւմտեան Ասիոյ շրջանին մէջ ներկայ տագնապներու քաղաքական ու արմատական լուծման ուղին է»:
Մըքտատ իր կարգին Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի ողջոյնները փոխանցեց, ինչպէս նաեւ ներկայացուց Սուրիոյ առնչուած վերջին զարգացումները, ներառեալ հիւսիսային Սուրիոյ մէջ կացութիւնն ու մարդասիրական կացութեան վերաբերող հարցերը:


