«Միացեալ Նահանգներ Կը Վերահաստատեն Մինսքի Խմբակին Մէջ Ռուսիոյ Հետ Աշխատանքը Շարունակելու Պատրաստակամութիւնը» Կ՛ըսէ Դեսպան Թրէյսի
Միացեալ Նահանգներ դարձեալ կը յայտարարեն, թէ պատրաստ են շարունակելու ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակին մէջ Ռուսիոյ հետ աշխատանքը` յանուն ղարաբաղեան խնդիրի համապարփակ եւ խաղաղ լուծման: Այս մասին «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ բացառիկ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնած է Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Լին Թրէյսի: «Մենք ըսած ենք, որ պատրաստ ենք Մինսքի խումբը օգտագործելու իբրեւ հարթակ: Այդ առաջարկը կը մնայ բաց: Մենք չենք...




















