Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լաւրով. «Ուքրանիոյ Մէջ Ռուսական Զինուորական Գործողութեան Աշխարհագրական Առաքելութիւնը Փոխուեցաւ Եւ Այլեւս Տոնեցքով Ու Լուկանսքով Սահմանափակուած Չէ»

July 21, 2022
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտարարեց. «Ուքրանիոյ մէջ ռուսական զինուորական գործողութեան աշխարհագրական առաքելութիւնը փոխուեցաւ եւ այլեւս Տոնեցքով ու Լուկանսքով սահմանափակուած չէ»:

«Այժմ, (մեր) աշխարհագրութիւնը տարբեր է: Միայն Տոնեցքի ժողովրդական հանրապետութիւնը եւ Լուկանսքի ժողովրդական հանրապետութիւնը չէ, անիկա նաեւ Խերսոնի շրջանը, Զափորիժիա շրջանը եւ շարք մը այլ տարածքներ են», «ՌԻԱ Նովոսթի»-ի եւ «Ռաշա Թուտէյ»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին ըսաւ ռուսական դիւանագիտութեան պետը:

Ան յայտնեց, որ Ռուսիան չի կրնար ընդունիլ, որ «Ուքրանիոյ որոշ հատուածներուն մէջ, որոնք Զելենսքիի կամ զինք փոխարինող անձի մը վերահսկողութեան տակ պիտի ըլլան, գոյութիւն ունին զէնքեր, որոնք ուղղակի սպառնալիք կը ներկայացնեն մեր տարածքին կամ (արեւելեան Ուքրանիոյ) տարածքին այդ հանրապետութիւններուն դէմ, որոնք անկախութիւն հռչակած են», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Եթէ Արեւմուտքը շարունակէ Քիեւին հեռահար զէնքեր մատակարարել, ապա Ուքրանիոյ մէջ մեր զինուորական գործողութիւններուն թիրախները ատկէ աւելի հեռու պիտի երթան»:

Միացեալ Նահանգներ անցեալ ամիս Ուքրանիոյ մատակարարած էր ՀԻՄԱՐԶ միջին հասողութեամբ հրթիռային համակարգեր, որոնք Ուքրանիոյ արտօնած էին ճակատէն աւելի հեռու եղող ռուսական դիրքերու դէմ աւելի յաճախակի կերպով յարձակում գործեն:

Լաւրով նախքան այդ յայտարարած էր. «Միացեալ Նահանգներն ու Բրիտանիան Ուքրանիան զինելով Ռուսիան ու Եւրոպան դէպի բախում կը մղեն»:

«Ուքրանիոյ արգիլուած է որեւէ շինիչ քայլ կատարել, եւ անոր առիթ պիտի չտրուի Ռուսիոյ հետ բանակցելու», ըսած էր ան:

«Պրիւքսելին (Եւրոպական Միութեան) պարտադրած պայմանները սկսան Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներուն առջեւ արգելքներ պատճառել», յայտնած էր ռուսական դիւանագիտութեան պետը:

 

Նախորդը

«Հայ-Թրքական Յարաբերութիւններ. Պէտք Է Հայաստան-Սփիւռք Խորհրդակցութիւններ Բանալ» Կ՛ըսէ Մուրատ Փափազեան

Յաջորդը

«Հիւսիսային Սուրիոյ Մէջ Նոր Գործողութեան Թղթածրարը Պիտի Մնայ Մեր Օրակարգին Վրայ, Մինչեւ Մեր Անվտանգութեան Առնչուող Մեր Մտավախութիւններուն Չքացումը» Կ՛ըսէ Էրտողան

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.