Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեկնաբանելով Սէուտական Արաբիոյ Վրայ Իրանի Մօտալուտ Յարձակումի Մասին Տեղեկութիւնները` Ուաշինկթըն. «Պիտի Չտատամսինք Միջին Արեւելքի Մէջ Մեր Շահերն Ու Գործընկերները Պաշտպանելու»

November 3, 2022
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նետ Փրայս, մեկնաբանելով Իրանի կողմէ Սէուտական Արաբիոյ վրայ մօտալուտ յարձակումի մը մասին տեղեկութիւնները, ըսաւ, որ իր երկիրը պիտի չտատամսի Միջին Արեւելքի մէջ իր շահերն ու գործընկերները պաշտպանելու:

Ան մամլոյ ասուլիսի ընթացքին մտահոգութիւն յայտնեց «(իրանեան) սպառնալիքներուն վերաբերեալ, մենք զինուորական, դիւանագիտական եւ գաղտնի սպասարկական խողովակներով մնայուն կապի մէջ ենք սէուտցիներուն հետ, եւ պիտի չտատամսինք շրջանին մէջ մեր շահերն ու գործընկերները պաշտպանելու քայլերու դիմելու»:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ պէ՞տք է շրջանին մէջ գտնուող ամերիկացի քաղաքացիներուն զգուշացում հրապարակել, Փրայս ըսաւ. «Չեմ կրնար խօսիլ, թէ ի՛նչ կրնանք ընել, սակայն իրաւունք ունիս, եթէ ամերիկացի քաղաքացիներու դէմ վտանգի փաստացի եւ որոշակի  տեղեկութիւններ ունինք, անշուշտ այդ քաղաքականութեան հիմամբ բոլոր յանձնառութիւնները պիտի կատարենք: Տեղեակ չեմ, թէ որեւէ զգուշացում յղա՞ծ ենք, սակայն գիտեմ, որ մնայուն կապի մէջ ենք սէուտցիներուն հետ, եւ պիտի չխօսիմ ներքին գործողութեան մասին. մենք միշտ կը գնահատենք մեզի հասնող տեղեկութիւնները, որոնք կրնան մեզի համար արժէք ունենալ, եւ երբ հարցը այդպէս ըլլայ, կ՛ընենք»:

«Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ», վկայակոչելով սէուտցի եւ ամերիկացի պաշտօնատարներ, հաղորդած էր, որ Սէուտական Արաբիան Միացեալ Նահանգներուն յանձնած է սէուտական թիրախներու վրայ Իրանի կողմէ «մօտալուտ յարձակում»-ի մասին հետախուզական տեղեկութիւններ:

Միացեալ Նահանգները, Սէուտական Արաբիան եւ շրջանի շարք մը այլ երկիրներ, ըստ անանուն պաշտօնատարներու, բարձրացուցած են իրենց զինուորական ուժերուն մարտունակութեան մակարդակը:

Ամերիկեան օրաթերթին տուեալներով` Սէուտական Արաբիոյ պաշտօնատարները ըսած են, որ Իրան կը պատրաստուի յարձակելու թէ՛ թագաւորութեան, թէ՛ ալ Իրաքեան Քիւրտիստանի մայրաքաղաք Էրպիլի վրայ` «փորձելով ուշադրութիւնը շեղել ներքին բողոքի ցոյցերէն»:

Նախորդը

Պաքուն Կը Յայտարարէ Իրանի Վերահսկողութեան Տակ Գործող Զինեալ Խմբաւորման Բացայայտման Մասին

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Ներկայացուցիչներու Տան Մէջ  Դեմոկրատականներու Ղեկավարը Կը Յայտարարէ.  «Պէտք Է Անմիջապէս Իրանի Հետ  Պատերազմէն Դուրս Գանք»
Գլխաւոր լուրեր

Ներկայացուցիչներու Տան Մէջ Դեմոկրատականներու Ղեկավարը Կը Յայտարարէ. «Պէտք Է Անմիջապէս Իրանի Հետ Պատերազմէն Դուրս Գանք»

November 6, 2026
Սպիտակ Տուն. «Թրամփ Յանձնառու  Պիտի Մնայ Պետութիւններու Հովանաւորած  Բռնապետութեան Դէմ Պայքարին»
Գլխաւոր լուրեր

Սպիտակ Տուն. «Թրամփ Յանձնառու Պիտի Մնայ Պետութիւններու Հովանաւորած Բռնապետութեան Դէմ Պայքարին»

November 6, 2026
Թուրքիան Կը Մերժէ Իր Մարդու Իրաւունքներու  Կացութեան Եւրոպական Միութեան Քննադատութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Թուրքիան Կը Մերժէ Իր Մարդու Իրաւունքներու Կացութեան Եւրոպական Միութեան Քննադատութիւնը

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.