Մոսկուայի` «ամերիկեան արբանեակները կրնան օրինական թիրախներու վերածուիլ, եթէ Ուքրանիոյ տագնապին մէջ օգտագործուին» յայտարարելէն մէկ օր ետք, Ուաշինկթըն Ռուսիոյ սպառնաց Միացեալ Նահանգներու քաղաքային արբանեակներուն դէմ որեւէ յարձակումի «յարմար պատասխան» տալ:
Միացեալ Նահանգներու Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի համակարգող Ճոն Քըրպի յայտնեց. «Ամերիկեան ենթակառոյցին դէմ որեւէ յարձակում ներկայացուցած վտանգին պատշաճող պատասխանի պիտի արժանանայ»:
Քըրպի մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց, որ «Ռուսիոյ` Ուքրանիոյ դէմ պատերազմը սադրիչ է եւ վտանգաւոր», եւ թէ Ուաշինկթըն «պիտի շարունակէ աջակցիլ Ուքրանիոյ»:
«Շատ բաց եւ անկեղծ էինք այս հարցին վերաբերեալ, եւ այս դիրքորոշումէն ոչինչ պիտի փոխուի», ըսաւ ան:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ զէնքերու եւ հիւլէական զէնքերու տարածման արգիլման հարցերու բաժանմունքի տնօրէն Քոսթանթին Վորոնցով մէկ օր առաջ յայտարարած էր. «Ամերիկեան արբանեակները կրնան օրինական թիրախներու վերածուիլ, եթէ Ուքրանիոյ տագնապին մէջ օգտագործուին»:
«Միացեալ Նահանգներն ու անոնց դաշնակիցները անջրպետի մէջ կիսաքաղաքային, նաեւ առեւտրական ենթակառոյցները կ՛օգտագործեն զինեալ տագնապներու մէջ», աւելցուց ան:
«Կիսաքաղաքային ենթակառոյցները կրնան օրինական թիրախներու վերածուիլ, եւ Արեւմուտքի արարքներուն պատճառով, անջրպետի խաղաղ աշխատանքներն ու աշխարհի վրայ ընկերային ու տնտեսական գործողութիւնները, որոնցմէ կախեալ է նախ եւ առաջ զարգացած երկիրներու բնակիչներու բարօրութիւնը, անտեղի վտանգի ենթակայ են», նշած էր Վորոնցով:


