Ռուսիան վերականգնեց Ուքրանիայէն հացահատիկի արտածման համաձայնութեան իր մասնակցութիւնը: Մոսկուա այդ քայլին դիմեց Քիեւէն ստանալէն ետք գրաւոր երաշխիքներ, թէ ապահով միջանցքը միայն հացահատիկի արտածման համար պիտի օգտագործուի:
Համաձայնութեան մէջ ՄԱԿ-ի ներկայացուցիչը ողջունեց Ռուսիոյ մասնակցութեան վերականգնումն ու այդ մէկը իրագործելու համար Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի ջանքերը: