Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սեւասթոփոլի Վրայ Ուքրանական Յարձակումէն Ետք. Ռուսիան Առկախեց Հացահատիկի Մատակարարման Շուրջ Համաձայնութեան Իր Մասնակցութիւնը

October 31, 2022
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը շաբաթ օր յայտարարեց, որ Ռուսիան կ՛առկախէ ուքրանական նաւահանգիստներէն հացահատիկի արտածման իր մասնակցութիւնը` «այսօր Քիեւի` Սեւասթոփոլի ջուրերուն մէջ բրիտանացի մասնագէտներու մասնակցութեամբ Սեւ ծովու նաւատորմիղին ու հացահատիկներու անցքի անվտանգութեան երաշխաւորման համար աշխատող քաղաքային նաւերու վրայ շղթայազերծած ահաբեկչական յարձակումին պատճառով»:

Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը շաբաթ օր նախքան այդ յայտարարեց, որ ռուսական ուժերը դէմ դրած են Սեւասթոփոլի արտաքին ճամբուն վրայ յարձակումին եւ վնասազերծած ծովային 4 սարքեր եւ ներքին ճամբուն վրայ 3 այլ սարքեր:

Ռուսիան Ուքրանիան ու Բրիտանիան ամբաստանեց անօդաչու թռչող սարքերով Խրիմի մէջ Սեւ ծովու իր նաւատորմիղին դէմ գործուած յարձակումին համար, որ նաւերէն մէկուն «թեթեւ վնասներ» պատճառած է:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն ուքրանական սեւծովեան նաւահանգիստներէն հացահատիկի արտածման մասին համաձայնագիրի բոլոր կողմերուն կոչ ուղղեց` անոր գործադրութեան վերադառնալու:

«Միացեալ Նահանգներ կը ցաւին, որ Ռուսիան դադրեցուցած է ՄԱԿ-ի միջնորդութեամբ սեւծովեան հացահատիկի նախաձեռնութեան իր մասնակցութիւնը: Մենք բոլոր կողմերուն կոչ կ’ուղղենք շարունակելու կեանք փրկող այս կարեւոր նախաձեռնութիւնը», կը նշուի Պլինքընի յայտարարութեան մէջ:

Ան նշած է, որ Ուաշինկթըն Ռուսիոյ կառավարութեան «խստօրէն կոչ կ՛ուղղէ» վերսկսելու իր մասնակցութիւնը նախաձեռնութեան եւ «ամբողջութեամբ կատարելու համաձայնութիւնները»:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարը յայտնած է, որ համաձայնագիրի չիրագործուիլը ուղղակիօրէն պիտի ազդէ ցած եւ միջին եկամուտ ունեցող երկիրներու եւ պարենամթերքի համաշխարհային գիներու վրայ, ինչպէս նաեւ պիտի սրէ մարդասիրական ճգնաժամերը եւ պարենային անվտանգութիւնը:

Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ճոզեփ Պորել ընկերային ցանցերու ճամբով յայտարարեց. «Հացահատիկի փոխադրման համաձայնութեան իր մասնակցութիւնը առկախելու Ռուսիոյ որոշումը կը սպառնայ հացահատիկի եւ պարենանիւթի արտածումներու գլխաւոր միջանցքին, այն պահուն, երբ ուքրանական տագնապի լոյսին տակ սննդեղէնի համաշխարհային տագնապ կայ»` նշելով. «Եւրոպական Միութիւնը Ռուսիոյ կոչ կ՛ուղղէ` իր որոշումը շրջելու»:

Նախորդը

Խմբագրական. Խորհրդարանը` Միակ Ու Վերջին Փրկօղակը

Յաջորդը

Փարիզ Սեն Ժերմեն Նոր Պայմանագրութիւն Մը Առաջարկեց Լիոնել Մեսսիին

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.