Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութիւնը հրապարակած է 2022 թուականի Ազգային պաշտպանութեան ռազմավարութեան հայեցակարգի ամբողջական տարբերակը, որուն համաձայն, անհրաժեշտ է պահպանել Ռուսիոյ հետ կապի խողովակները:
Փենթակոն Ուքրանիոյ մէջ Ռուսիոյ կողմէ հիւլէական զէնք կիրարկելու մտադրութեան մասին վկայող նշաններ չի տեսներ եւ անոր կը մտահոգէ «Ռուսիոյ եւ Իրանի դաշինքի շարունակուող ամրապնդումը»:
Ըստ Փենթակոնի հրապարակած փաստաթուղթին, Միացեալ Նահանգներու համար թիւ մէկ սպառնալիքը Չինաստանն է:
«Չինաստանը մեր միակ մրցակիցն է, որ ունի միջազգային աշխարհակարգը փոխելու ցանկութիւն եւ ատոր հասնելու կարողութիւն», ըսած է պաշտպանութեան նախարար Լոյտ Օսթին` հայեցակարգի հրապարակման նուիրուած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին:
Փաստաթուղթին մէջ կը նշուի նաեւ, որ Ռուսիան «Միացեալ Նահանգներու համար սուր սպառնալիք է»:
«Փենթակոն պէտք է աշխուժ ջանքեր բանեցնէ Միացեալ Նահանգներու կենսական շահերու եւ մեր դաշնակիցներու դէմ ուղղուած ռուսական յարձակումը զսպելու համար», կը նշուի փաստաթուղթին մէջ:


