Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ըստ «Տը Թայմզ»-ի. Փաթրուշեւն Ու Պորթնիքովը Փութինը Համոզած Են Ուքրանիա Ներխուժել

November 7, 2022
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Բրիտանական «Տը Թայմզ» օրաթերթին համաձայն, Ուքրանիոյ մէջ զինուորական յատուկ գործողութիւն կատարելու գաղափարի ամէնէն վճռական ջատագովները եղած են Ռուսիոյ անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Նիքոլայ Փաթրուշեւը եւ Անվտանգութեան դաշնակցային ծառայութեան` «Էֆ.Էս.Պի.»-ի տնօրէն Նիքոլայ Պորթնիքովը:

Ըստ «Տը Թայմզ»-ին անոնք են, որոնք Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը համոզած են յատուկ զինուորական գործողութիւնը սկսելու:

Օրաթերթը հրապարակած է հատուած մը լրագրող Օուըն Մեթիուզի գիրքէն, որ յառաջիկային լոյս պիտի տեսնէ: Լրագրողը իր գիրքին մէջ կը վկայակոչէ ռուս գործիչներ, որոնք տեղեակ եղած են Ուքրանիոյ մէջ ռուսական գործողութեան հանգամանքներէն:

Մեթիուզի համոզումով, Փաթրուշեւը, Պորթնիքովը եւ նման հայեացքներ ունեցողները պնդած են. «Պէտք է Ուքրանիոյ հասցնել կանխարգելիչ հարուած, ինչ որ կարեւոր է Ռուսիան Արեւմուտքի հետզհետէ աճող ռազմավարական սպառնալիքէն պաշտպանելու համար»:

24 փետրուարին յարձակումը նախապատրաստելու գործին մէջ Փաթրուշեւէն, Պորթնիքովէն եւ Փութինէն զատ, մեծ դեր կատարած է նաեւ պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկուն, որ, սակայն, հանդէս եկած է ոչ թէ իբրեւ «գաղափարախօս», այլ «կատարող»:

«Տը Թայմզ» կը նշէ, որ «Քորոնա» ժահրի համաճարակի տարածումէն ետք Ռուսիոյ ղեկավարը յայտնուած է փաստացի մեկուսացման մէջ, որովհետեւ խիստ սահմանափակուած է անոր մօտ մուտք գործող եւ անոր հետ տարբեր կարեւոր հարցեր քննարկող մարդոց թիւը:

Այս պատճառով մեծամասնութիւն կազմած են մարդիկ, որոնք հաւատացած են Ուքրանիոյ վրայ յարձակելու անհրաժեշտութեան: Անոնցմէ մէկը կը նկատուի գործարար Եուրի Քովալչուքը:

Ուքրանիոյ վրայ յարձակելու սկզբունքային որոշումը տրուած է 2021 թուականի ամրան վերջաւորութեան:

Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի առջեւ դրուած է պատերազմէն խուսափելու համար Արեւմուտքէն կարելի եղածին չափ շատ զիջումներ կորզելու խնդիր: Լաւրով, ըստ Օուըն Մեթիուզի, ուզած է խաղաղ եղանակով լուծել ճակատումը եւ համոզուած եղած է, որ նոյն դիրքորոշումը ունի նաեւ նախագահ Փութինը:

Ռուսական կողմը ներկայացուցած է այնպիսի պահանջներ, զորս Արեւմուտքը վերջնագիր կոչած է եւ մերժած:

 

Նախորդը

Միասնութեան Բազմամարդ Հանրահաւաք Ֆրանսայի Հրապարակին Վրայ` Յաջակցութիւն Արցախին

Յաջորդը

Իրաքն Ու Ռուսիան Կը Պատրաստուին Հիւլէական Համագործակցութեան Յուշագիր Ստորագրելու

RelatedPosts

Ներկայացուցիչներու Տան Մէջ  Դեմոկրատականներու Ղեկավարը Կը Յայտարարէ.  «Պէտք Է Անմիջապէս Իրանի Հետ  Պատերազմէն Դուրս Գանք»
Գլխաւոր լուրեր

Ներկայացուցիչներու Տան Մէջ Դեմոկրատականներու Ղեկավարը Կը Յայտարարէ. «Պէտք Է Անմիջապէս Իրանի Հետ Պատերազմէն Դուրս Գանք»

November 6, 2026
Սպիտակ Տուն. «Թրամփ Յանձնառու  Պիտի Մնայ Պետութիւններու Հովանաւորած  Բռնապետութեան Դէմ Պայքարին»
Գլխաւոր լուրեր

Սպիտակ Տուն. «Թրամփ Յանձնառու Պիտի Մնայ Պետութիւններու Հովանաւորած Բռնապետութեան Դէմ Պայքարին»

November 6, 2026
Թուրքիան Կը Մերժէ Իր Մարդու Իրաւունքներու  Կացութեան Եւրոպական Միութեան Քննադատութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Թուրքիան Կը Մերժէ Իր Մարդու Իրաւունքներու Կացութեան Եւրոպական Միութեան Քննադատութիւնը

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.