ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Ենս Սթոլթենպերկ յայտարարած է, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին մտադիր է ցուրտը, ձիւնը եւ սառոյցը օգտագործել իր օգտին ոչ միայն մարտի դաշտին մէջ, այլ նաեւ ուքրանացի խաղաղ բնակիչներուն դէմ: Այս մասին կը հաղորդէ «Ժազիրա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը:
«Նախագահ Փութին այժմ կը փորձէ ձմեռը օգտագործել իբրեւ Ուքրանիոյ դէմ պատերազմի զէնք, եւ ատիկա սարսափելի է, եւ մենք պէտք է պատրաստ ըլլանք աւելի շատ յարձակումներու: Ատիկա է պատճառը, որ ՕԹԱՆ-ի դաշնակիցները ուժեղացուցած են Ուքրանիոյ իրենց աջակցութիւնը», ըսած է ան:
Շաբաթներ շարունակ Ռուսիան հրթիռային հարուածներ կը հասցնէ Քիեւի եւ Ուքրանիոյ այլ քաղաքներու մօտ գտնուող ուժանիւթային կառոյցներուն, սովորաբար աշխատանքային շաբթուան սկիզբը` երկուշաբթի օրերուն, ինչ որ կը յանգեցնէ ելեկտրականութեան եւ ջուրի մատակարարումներու խափանումներու:
Որովհետեւ ջերմաստիճանը հետզհետէ կը նուազի եւ կը սպասուի, որ մէկ շաբթուան ընթացքին անիկա նուազի մինչեւ -11 աստիճան, միջազգային օգնութիւնը հետզհետէ աւելի կը կեդրոնանայ Ուքրանիա ելեկտրածին շարժակներ ուղարկելու վրայ:
«Ժազիրա»-ի տուեալներով` ուժանիւթային կառոյցներու մնայուն ռմբակոծումներուն պատճառով վնասները կը կուտակուին, ինչ որ յատկապէս կարեւոր է ձմրան ընդառաջ: Պատկերասփիւռի կայանը կը նշէ, որ Էսթոնիան եւ մերձպալթեան ու սկանտինաւեան վեց այլ երկիրներ մեծ աջակցութիւն ցուցաբերած են Ուքրանիոյ` Քիեւին տրամադրելով ելեկտրականութեան շարժակներ, տաք հագուստ եւ սնունդ:
Հակառակ ատոր, Քիեւի քաղաքապետ Վիթալի Քլիչքօ խոստովանած է, որ ելեկտրականութեան եւ ջուրի մատակարարման ընդհատումներու պատճառով բնակչութեան մէկ մասը կրնայ տարհանուիլ արուարձաններ:


