Քաթարի մէջ Մոնտիալի խմբային փուլին մէջ Պելճիքայի ազգային խումբին դէմ Մարոքի յաղթանակի տօնակատարութիւնները Պրիւքսելի կեդրոնին մէջ աւարտած են ոստիկանութեան հետ բախումներով եւ անկարգութիւններով, ապահովական մարմինները ջրաշիթ մեքենաներ օգտագործած են: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է Պրիւքսելի ոստիկանութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Իլզէ վան տէ Քէյրէն:
«Տասնեակ մարդիկ, որոնցմէ մէկ քանին փակ դէմքերով, անկարգութիւններ եւ ոստիկանութեան հետ բախումներ կազմակերպած են, ինչ որ խաթարած է հասարակական կարգը: Ցուցարարները պայթուցիկներ կ՛օգտագործէին, քարեր ու շիշեր կը նետէին, մահակներ կ՛օգտագործէին եւ աղբամաններ կ՛այրէին», յայտնած է ան:
Անկարգութիւնները շարունակուած են երկու ժամ Միտի եւ Լեմոնիէ թաղամասերու շրջանին մէջ, այն գօտիին մէջ, ուր Միջին Արեւելքէն, նաեւ Մարոքէն մեծ թիւով մարդիկ կը բնակին: Անկարգութիւններուն պատճառով ջարդուած են քանի մը ինքնաշարժներ, պոկուած են լուսացոյցերը, պելճիքացի լրագրողներէն մէկը դէմքին այրուածքներ ստացած է: Ոստիկանութիւնը շրջափակած է անկարգութիւններու գօտին, օգտագործած է ջրաշիթ մեքենաներ եւ արցունքաբեր կազ:
Անկարգութիւնները անակնկալ չեն եղած Միտի թաղամասի բազմաթիւ բնակիչներու համար: Մասնաւորաբար, խանութներու սեփականատէրերուն մեծ մասը նախընտրած է նախապէս` Պելճիքայի եւ Մարոքի խումբերուն միջեւ մրցումի օրը փակել հաստատութիւնները` վախնալով, որ մրցումի որեւէ արդիւնք կրնայ յանգեցնել անկարգութիւններու: Ճիշդ այդ պատճառով ալ տեղւոյն առեւտրականներուն համար բախումներէն վնասը աննշան եղած է:


