Թուրքիան պէտք է ըլլայ նոր աշխարհակարգի կեդրոնին մէջ, օգտագործէ բոլոր կարելիութիւնները: «Անատոլու» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան:
«Մեր երկիրը պէտք է ըլլայ նոր աշխարհակարգի կեդրոնին մէջ, օգտագործէ փոփոխուող համաշխարհային քաղաքական եւ տնտեսական ճարտարապետութեան բոլոր կարելիութիւնները», երէկ Անգարայի մէջ Թուրքիոյ պանդոկներու սեփականատէրերու դաշնակցութեան խորհուրդի 7-րդ նիստի ընթացքին ըսաւ Էրտողան:


