Իրանը կը հասկնայ Սուրիայէն բխող անվտանգութեան սպառնալիքներուն առնչուած Թուրքիոյ մտահոգութիւնը: Այս մասին յայտարարած է Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Ամիր Ապտոլլահեան` Անգարային յիշեցնելով, որ զինուորական գործողութիւնները ոչ թէ պիտի լուծեն խնդիրները, այլ պիտի բարդացնեն կացութիւնը:
Իրանի արտաքին գործոց նախարարն ու անոր թուրք պաշտօնակից Մեւլութ Չաւուշօղլուն քննարկած են Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ ընդհանուր սահմաններու երկայնքին լարուածութեան սրումը եւ զինուորական բախումները:
Ապտոլլահեան ըսած է, որ Իրան կը հասկնայ Թուրքիոյ անվտանգութեան առնչուած մտահոգութիւնները, եւ նշած է, որ խնդիրներու լուծումը կը պահանջէ Անգարայի եւ Դամասկոսի միջեւ անվտանգութեան հարցերու շուրջ բանակցութիւններու շարունակութիւն:
Ան ընդգծած է, որ Սուրիոյ մէջ Թուրքիոյ ցամաքային զինուորական գործողութիւնը ո՛չ միայն պիտի չօգնէ խնդիրները լուծելու, այլ նաեւ վնաս պիտի հասցնէ եւ աւելի պիտի բարդացնէ կացութիւնը: Ան նաեւ յայտնած է Իրանի պատրաստակամութիւնը` աջակցելու Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ միջեւ խնդիրներու քաղաքական լուծման:
Չաւուշօղլու իր կարգին ներկայացուցած է ընթացիկ իրադարձութիւններն ու Թուրքիոյ դիրքորոշումը այդ հարցերուն վերաբերեալ: Ան նաեւ բարձր գնահատած է Իրանի կառուցողական դերը եւ ընդգծած հաղորդակցութիւններու շարունակման անհրաժեշտութիւնը:


