Բրիտանիոյ վարչապետ Ռիշի Սունաք յայտարարած է, որ Չինաստանի հետ յարաբերութիւններու այսպէս կոչուած «ոսկիէ դարաշրջանը» մօտեցած է աւարտին` նշելով, որ Բրիտանիոյ շահերուն ու արժէքներուն դէմ Փեքինի համակարգային մարտահրաւէրը աւելի կը սրի: Այս մասին կը հաղորդէ «Կոլոսմերիքի»-ն:
Սունաք իր խօսքին մէջ նշած է, որ Չինաստանի նկատմամբ Բրիտանիոյ մօտեցումը պէտք է փոխուի, իսկ Փեքինը «գիտակցաբար կը պայքարի համաշխարհային ազդեցութեան համար` օգտագործելով պետական իշխանութեան բոլոր լծակները»:
«Եկէ՛ք յստակ ըլլանք. այսպէս կոչուած «ոսկիէ դարաշրջան»-ը կը մօտենայ աւարտին, ինչպէս նաեւ միամիտ գաղափարը, որ առեւտուրը պիտի յանգեցնէ ընկերային եւ քաղաքական բարեփոխումներու», ըսած է Բրիտանիոյ վարչապետը:
Այս ամիս Պալիի մէջ «Քսաններու խումբ»-ի վեհաժողովի ընթացքին Սունաքի եւ Չինաստանի ղեկավար Սի Ծինփինի նախատեսուած հանդիպումը տեղի չէ ունեցած, իսկ անցեալ շաբաթ Լոնտոն արգիլած է կառավարական շէնքերու մէջ չինական արտադրութեան տեսախցիկներու տեղադրումը:
«Մենք կը գիտակցինք, որ Չինաստանը համակարգային մարտահրաւէր կը ներկայացնէ մեր արժէքներուն ու շահերուն, մարտահրաւէր, որ աւելի սուր կը դառնայ, որովհետեւ Փեքինը կը շարժի դէպի աւելի մեծ մենատիրութիւն», ըսած է Սունաք:
«Ի հարկէ, մենք չենք կրնար պարզապէս անտեսել Չինաստանի կարեւորութիւնը համաշխարհային գործերու մէջ` համաշխարհային տնտեսական կայունութեան կամ կլիմայի փոփոխութեան նման հարցերու համար: Ասիկա կը հասկնան նաեւ Միացեալ Նահանգները, Քանատան, Աւստրալիան, Ճափոնը եւ շատ ուրիշներ», աւելցուցած է Բրիտանիոյ վարչապետը:
Սունաք ըսած է, որ իր ղեկավարութեամբ Բրիտանիան պիտի չընտրէ «սթաթիւս քո»-ն եւ պիտի դիմակայէ միջազգային մրցակիցները` հիմնուած ոչ թէ «հռետորաբանութեան, այլ ամուր գործնապաշտութեան վրայ»:


