Ազրպէյճանի խորհրդարանի անդամ Կուտրաթ Հասանկուլիեւ առաջարկած է փոխել երկրի անունը` զայն դարձնելով Հիւսիսային Ազրպէյճան:
Անոր կարծիքով` Ազրպէյճանի մէջ պետականաշինութեան ուղղուած քայլերը անհրաժեշտ կը դարձնեն նոր սահմանադրութեան որդեգրումը: Այս մասին կը հաղորդէ ազրպէյճանական «Մինվալ» կայքը:
«Առաջին քայլը պէտք է ըլլայ Ազրպէյճանի անունը փոխելը: Երկիրը պէտք է կոչուի Հիւսիսային Ազրպէյճան: Նաեւ, ինչպէս միւս բաժնուած ժողովուրդներու սահմանումներուն մէջ, գոյութիւն ունին հիւսիս եւ հարաւ բառերը: Կը կարծեմ, որ ասիկա խթան պիտի հանդիսանայ նաեւ հարաւային ազրպէյճանցիներու (Իրանի մէջ բնակող ազգութեամբ ազրպէյճանցիներուն, «Ա.») համար», ըսած է ան:
Հասանկուլիեւ յիշեցուցած է, որ վերջերս Իլհամ Ալիեւ դատապարտած է Ազրպէյճանի նկատմամբ Իրանի «թշնամական քաղաքականութիւն»-ը: Ատկէ ետք Ազրպէյճանի մէջ Իրանի դեսպանը երկաթէ բռունցք դրած է Իրանի դրօշին վրայ եւ ընկերային ցանցերու վրայ տարածած այս լուսանկարը:
Նշենք, որ վերջին շրջանին Թեհրանի եւ Պաքուի յարաբերութիւնները բաւական լարուած են: