Ապտոլլահեան Ֆիտանի Հետ Կը Քննարկէ Երկկողմանի Յարաբերութիւններու Զարգացման Կարելիութիւնները
Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Ամիր Ապտոլլահեան հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին շնորհաւորած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նոր նախարար Հաքան Ֆիտանը եւ յոյս յայտնած, որ երկու երկիրներուն միջեւ սերտ համագործակցութիւնը կը շարունակուի եւ նոր ժամանակաշրջանի ընթացքին կը բարելաւուի: Ապտոլլահեան հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին իր թուրք պաշտօնակիցը հրաւիրած է Թեհրան` նշելով. «Պէտք է արագացնել երկկողմանի յարաբերութիւններու ամրապնդման ծրագիրը»: Իրանեան դիւանագիտութեան պետը շրջանային հարցերու...




















