Երկու անօդաչու թռչող սարքեր յարձակում գործած են Ռուսիոյ Սմոլենսք մարզի ուժանիւթային կառոյցներուն վրայ: Այս մասին «Թելեկրամ»-ի վրայ յայտնած է նահանգապետի պաշտօնակատար Վասիլի Անոխին:
«Այսօր, ժամը շուրջ 3:00-ին, Փոչինքովսքի շրջանի Փերեսնա գիւղին եւ Սմոլենսքի շրջանի Տիվասի գիւղին մէջ երկու հեռահար անօդաչու թռչող սարքեր յարձակած են ուժանիւթային համալիրի կառոյցներու վրայ», կը նշուի հրապարակումին մէջ:
Անոխին նշած է, որ ոչ ոք վնասուած է, յարձակումները հրդեհներու պատճառ չեն դարձած, կառոյցները մեծ վնասներ չեն կրած:
Սմոլենսքի շրջանի իշխանութիւնները մայիսի սկիզբէն արգիլած են անօդաչու թռչող սարքերու թռիչքները:
Միւս կողմէ, Պելկորոտի կառավարիչը յայտնեց, որ 2 անձեր մահացած են եւ ուրիշներ վիրաւորուած, երբ ուքրանական ուժերը Պելկորոտի մէջ բնակուած շրջաններ ռմբակոծած են: