Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն քննադատած է Քոսովոյի իշխանութիւնները` մեղադրելով զանոնք վերջին օրերուն մասնակիօրէն ճանչցուած հանրապետութեան հիւսիսային շրջաններուն մէջ կացութեան սրման յանցանքով: Այս մասին հաղորդեց «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը:
«Մենք Քոսովոյի իշխանութիւններուն յղած էինք յստակ ազդակներ, թէ գրեթէ ամբողջական պոյքոթի պայմաններուն մէջ (սերպական բնակավայրերուն մէջ) ընտրութիւններ կատարելը սխալ էր», յայտարարած է Մաքրոն:
Քոսովոյի հիւսիսային շրջաններուն մէջ կացութիւնը սրեցաւ, երբ տեղական ոստիկանութիւնը վերահսկողութիւն հաստատեց սերպերով բնակուած Չվեչան, Զուպին Փոթոք եւ Լեփոսավիչ բնակավայրերու վարչակազմերուն վրայ` ազգութեամբ ալպանացի քաղաքապետներու պաշտօնավարումը ապահովելու համար:
Այդ պաշտօնատարները քաղաքապետ դարձած էին սերպերու կողմէ ընտրութիւններու պոյքոթի պայմաններուն մէջ` ընդամէնը քանի մը հարիւր ձայն ստանալով:
Յիշեցնենք, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն եւս Քոսովոյի կառավարութեան` հիւսիսային Քոսովոյի մէջ քաղաքապետական շէնքերը իր վերահսկողութեան տակ առնելու որոշումը Քոսովոյի մէջ կացութեան վատթարացման պատճառ նկատած էր:
«Քոսովոյի կառավարութեան` քաղաքապետարաններու շէնքեր բռնի ուժով մուտք գործել արտօնելու որոշումը լարուածութիւններու սուր եւ անհարկի մագլցումի յանգեցուց», յայտարարած էր ան:
Կացութեան սրումին լոյսին տակ Սերպիոյ նախագահ Ալեքսանտր Վուչիչ հրամայեց սերպական զօրքերը տեղափոխել Քոսովոյի հետ սահման:
Սերպիոյ պաշտպանութեան նախարար Միլոշ Վոչիվիչ զգուշացուց, որ քաղաքագէտները պէտք է արձանագրուած մագլցումին խաղաղ լուծում մը գտնեն, այլապէս Սերպիոյ պետութիւնը բոլոր միջոցներով պիտի պաշտպանէ իր քաղաքացիները: Ան այս մասին յայտարարեց Սերպիոյ` Քոսովոյի հետ սահմանի հսկման զինուորական դիրք այցելութեան ընթացքին:
Ան երէկ առաւօտեան յայտնեց, որ ներկայ մագլցումին մէջ Պելկրատի համար կարմիր գիծը Քոսովոյի ալպանացիներուն կողմէ սերպերու սպանութիւնն ու տեղահանութիւնն է: