Էմիրաթական «Պայան» օրաթերթը նշեց, որ Արաբական լիկայի` Սուրիան իր թափուր մնացած աթոռին վերադարձնելու վերջին քայլը, ՄԱԿ-ը մղած է աւելցնելու Սուրիոյ մէջ տագնապի հետեւանքներուն վերջ տալու դիւանագիտական քայլերը եւ սկսելու «խաղաղութեան գործընթաց» մը, որ վերջ կու տայ 12-ամեայ տագնապին, մինչ շրջանային ու միջազգային կողմեր քիչ առ քիչ Դամասկոսի հետ կապ կը հաստատեն:
Ըստ «Պայան»-ի աղբիւրներուն, արաբական խմբակը աշխատանք կը տանի Եւրոպական Միութիւնը համոզելու Դամասկոսի հետ կապ հաստատելու, սակայն ատիկա «քայլ առ քայլ»-ի քաղաքականութեան կիրարկում կը պահանջէ Ժետտայի վեհաժողովին գոյացած համաձայնութեան հիման վրայ: