Լաւրով-Ֆիտան Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով ուրբաթ երեկոյեան առաջին հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը ունեցած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նոր նշանակուած նախարար Հաքան Ֆիտանի հետ: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը տեղեկացնէ, որ այս մասին կը հաղորդէ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը` նշելով. «Զրոյցի ընթացքին կողմերը երկուստեք վերահաստատած են արտաքին գործոց նախարարութիւններու մակարդակին վրայ կառուցողական գործակցութիւնը շարունակելու պատրաստակամութիւնը»: Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան համաձայն Լաւրովն ու Ֆիտանը...




















