Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սթոլթենպերկ. «Բոլոր Դաշնակիցները Ուքրանիոյ` ՕԹԱՆ-ի Անդամակցութեան Համաձայն Են»

June 2, 2023
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Ենս Սթոլթենպերկ յայտարարեց, որ «Բոլոր դաշնակիցները Ուքրանիոյ ՕԹԱՆ-ի անդամակցութեան համաձայն են»` նշելով. «Ուքրանիոյ կ՛օգնենք ՕԹԱՆ-ի անդամակցութեան մօտենալու»:

Նշենք, որ ՕԹԱՆ-ի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները Օսլոյի մէջ ոչ պաշտօնական հանդիպումի մը ընթացքին քննարկեցին Ուքրանիոյ կացութիւնն ու Լիթուանիոյ մայրաքաղաք Վիլնիուսի մէջ յուլիսին նախատեսուած ՕԹԱՆ-ի վեհաժողովի նախապատրաստութիւնը:

«Բոլոր անդամները համաձայն են, որ Ռուսիան ՕԹԱՆ-ի ընդլայնման դէմ առարկելու իրաւունք չունի», շեշտեց Սթոլթենպերկ:

ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղարը նաեւ նշեց. «Շուէտի` դաշինքին միանալու հարցին շուրջ յառաջդիմութիւն արձանագրելու կարիքը ունինք»: Շուէտի արտաքին գործոց նախարար Թոպիաս Պիլսթրոմ նշեց. «Մենք մեր բոլոր յանձնառութիւնները յարգեցինք, եւ ժամանակն է, որ Թուրքիան ու Հունգարիան համաձայնին ՕԹԱՆ-ի մեր անդամակցութեան»:

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Քաթրին Քոլոնա երէկ իր կարգին ըսաւ. «Ուքրանիան պէտք է ՕԹԱՆ-ի անդամակցութիւն ստանայ»:

Միւս կողմէ, «Ֆրանս 24» հաղորդեց, որ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն Սլովաքիոյ մայրաքաղաքին մէջ անվտանգութեան խորհրդաժողովի ժամանակ ըսած է, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին անցեալ տարի Ուքրանիա ներխուժելով արթնցուց ՕԹԱՆ-ը:

«Դեկտեմբեր 2019-ին ես կարծր խօսք ըսի ՕԹԱՆ-ի հասցէին», ըսած է Մաքրոն` յիշելով, որ օրին դաշինքը «ուղեղով մահացած» կոչած էր: «Կրնամ ըսել, որ այսօր Վլատիմիր Փութինը զայն արթնցուց ամէնէն ուժեղ ելեկտրական ցնցումով», աւելցուցած է ան:

Մաքրոն նաեւ Արեւմուտքին առաջարկած է Ուքրանիոյ անվտանգութեան «շօշափելի ու վստահելի» երաշխիքներ առաջարկել, որովհետեւ «երկիրը կը պայքարի ռուսական ներխուժման դէմ» եւ «կը պաշտպանէ Եւրոպան»:

 

 

Նախորդը

Պլինքընէն Ետք Մաքրոն Եւս Քոսովոյի Վերջին Ճգնաժամին Մէջ Մեղաւոր Կը Նկատէ Քոսովոյի Իշխանութիւնները

Յաջորդը

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները Հեռացան Միացեալ Նահանգներու Գլխաւորած Միացեալ Ծովային Ուժերէն

RelatedPosts

Միացեալ Նահանգներու Մէջ`  Միջանկեալ Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մէջ` Միջանկեալ Ընտրութիւններ

November 4, 2026
Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն  Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»

November 4, 2026
Իրանեան Զինեալ Ուժերու  Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց.  «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի  Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ  Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»
Գլխաւոր լուրեր

Իրանեան Զինեալ Ուժերու Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց. «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.