ՕԹԱՆ-ի Ընդհանուր Քարտուղարը Յառաջիկային Պիտի Այցելէ Անգարա
ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Ենս Սթոլթենպերկ յայտնած է, որ յառաջիկային պիտի մեկնի Անգարա, ուր պիտի հանդիպի Թուրքիոյ վերընտրուած նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ ՕԹԱՆ-ի ղեկավարը Անգարայի մէջ պիտի քննարկէ Շուէտի` ՕԹԱՆ-ի անդամակցութեան հարցը: Օսլոյի մէջ, զրուցելով լրագրողներու հետ, Սթոլթենպերկ ըսած է, որ Թուրքիոյ մայրաքաղաք իր այցելութեան թուականի ճշդման շուրջ այս պահուս աշխատանք կը տարուի: «Մեր...




















