Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հիւսիսային Քոսովոյի Մէջ Կրնան Քաղաքապետական Նոր Ընտրութիւններ Տեղի Ունենալ

June 3, 2023
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ֆրանսան եւ Գերմանիան Մոլտովայի մէջ գումարուած Եւրոպական համայնքի երկրորդ վեհաժողովի ընթացքին կոչ ուղղած են Քոսովոյի հիւսիսային շրջանի մէջ սերպաբնակ չորս տարածքներուն մէջ կատարելու քաղաքապետական նոր ընտրութիւններ: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին ըսած է Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնը:

«(Գերմանիոյ) վարչապետ Օլաֆ Շոլցի հետ երկու կողմերէն պահանջած ենք անյապաղ չորս տարածքներուն մէջ կատարել ընտրութիւններ` սերպական կողմի յստակ մասնակցութեամբ», ըսած է Մաքրոն:

Ան յայտնած է, որ վեհաժողովի ծիրին մէջ Շոլցի ընկերակցութեամբ հանդիպումներ կատարուած են Սերպիոյ եւ Քոսովոյի նախագահներ Ալեքսանտր Վուչիչի եւ Վիոսա Օսմանի-Սատրիուի հետ:

Քոսովոյի իշխանութիւնները յայտնած են, որ պիտի քննարկեն հիւսիսային սերպաբնակ տարածքներուն մէջ նոր ընտրութիւններու կայացման կարելիութիւնը:

«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլց Սերպիոյ եւ Քոսովոյի նախագահներուն հետ հանդիպումէն ետք յայտարարած է. «Քոսովոյի բանակցութիւններու կողմերը մօտ են անջատուած հանրապետութեան մէջ տագնապի կառուցուածքային ու կայուն լուծման շուրջ համաձայնութեան գալու»:

«Ֆրանսայի նախագահն ու ես, ինչպէս նաեւ պարոն Պորելի նման ուրիշներ շատ կը փորձենք, որ սրած լարուածութիւնը կրկին թուլանայ: Եւ ասիկա խնդիր է, որուն համար մենք յատուկ պատասխանատուութիւն կը կրենք, որովհետեւ այժմ մօտ ենք, որ գտնենք տագնապի շատ կառուցուածքային ու տեւական լուծում` Քոսովոյի եւ Սերպիոյ միջեւ բանակցուող համաձայնագիրներու միջոցով», ըսած է Շոլց:

Գերմանիոյ վարչապետը մանրամասնած է, որ հանդիպումին ներկայ եղած են տագնապին բոլոր կողմերը, խօսակցութիւնը եղած է «բուռն»:

Նախորդը

Ըստ Էմիրաթական Պայան»-ի. Արաբական Խմբակը Աշխատանք Կը Տանի Եւրոպական Միութիւնը Համոզելու Դամասկոսի Հետ Կապ Հաստատելու

Յաջորդը

Ռուսիոյ Մէջ Անօդաչու Թռչող Սարքերով Յարձակում` Ուժանիւթային Կառոյցներու Դէմ

RelatedPosts

Թրամփ. «Իրանի Մէջ Առաքելութիւնը Մէկ  Օրուան Մէջ Աւարտեցինք, Սակայն Այդտեղ Մնացինք,  Որպէսզի Մեր Յաղթանակը Կարճատեւ Չըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Մէջ Առաքելութիւնը Մէկ Օրուան Մէջ Աւարտեցինք, Սակայն Այդտեղ Մնացինք, Որպէսզի Մեր Յաղթանակը Կարճատեւ Չըլլայ»

October 3, 2026
Ըստ Իսրայէլացի Պաշտօնատարի Մը.  Արաբական Միացեալ  Էմիրութիւնները Զայրացած Են
Միջազգային

Ըստ Իսրայէլացի Պաշտօնատարի Մը. Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները Զայրացած Են

October 3, 2026
Ռիատի Մէջ Մեքքայի Համաձայնագիրի Անդամ  Երկիրներու Արտակարգ Ժողով` Հուսիներու Հետ  Քաղաքական Ներգրաւուածութեան Քննարկման Համար
Միջազգային

Ռիատի Մէջ Մեքքայի Համաձայնագիրի Անդամ Երկիրներու Արտակարգ Ժողով` Հուսիներու Հետ Քաղաքական Ներգրաւուածութեան Քննարկման Համար

October 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.