Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ապտոլլահեան Ֆիտանի Հետ Կը Քննարկէ Երկկողմանի Յարաբերութիւններու Զարգացման Կարելիութիւնները

June 6, 2023
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Ամիր Ապտոլլահեան հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին շնորհաւորած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նոր նախարար Հաքան Ֆիտանը եւ յոյս յայտնած, որ երկու երկիրներուն միջեւ սերտ համագործակցութիւնը կը շարունակուի եւ նոր ժամանակաշրջանի ընթացքին կը բարելաւուի:

Ապտոլլահեան հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին իր թուրք պաշտօնակիցը հրաւիրած է Թեհրան` նշելով. «Պէտք է արագացնել երկկողմանի յարաբերութիւններու ամրապնդման ծրագիրը»:

Իրանեան դիւանագիտութեան պետը շրջանային հարցերու մէջ երկու երկիրներու համագործակցութիւնը նկատեց «կարեւոր»` շեշտելով, որ պէտք է «գործի լծել շրջանային մեքանիզմները»:

Թրքական դիւանագիտութեան նոր պետը իր կարգին նշեց Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան եւ Թուրքիոյ միջեւ երկկողմանի եւ շրջանային ոլորտներու մէջ լաւ քննարկումներն ու գործակցութիւնը:

Ան յայտարարեց, որ պատրաստ է յառաջիկայ փուլին երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու ամրապնդման նպաստելու:

Նշենք, որ Ապտոլլահեան «Թուիթըր»-ի վրայ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նոր նախարարը որակած էր «արհեստավարժ եւ գիտակ դիւանագէտ»:

«Քանի մը անգամ հանդիպում ունեցած ենք եւ խօսած: Ան արհեստավարժ եւ գիտակ դիւանագէտ է, ինչպէս նաեւ ցտեսութիւն կ՛ըսեմ եղբօրս` Մեւլութ Չաւուշօղլուին», գրած էր Ապտոլլահեան:

 

Նախորդը

Սթոլթենպերկ Թուրքիոյ Կոչ Կ՛ուղղէ Չարգելակելու Շուէտի` ՕԹԱՆ-ի Անդամակցութիւնը

Յաջորդը

Ռուսիոյ Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը Յայտարարած Է Ուքրանիոյ Զինեալ Ուժերու Լայնածաւալ Յարձակումը Կանխարգիլելու Մասին

RelatedPosts

Թրամփ. «Սէուտական Արաբիան, Քաթարը,  Քուէյթն Ու Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները  Ինձմէ Խնդրեցին Իրանի Կացութիւնը  Որոշ Ատեն Այսպէս Պահել»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Սէուտական Արաբիան, Քաթարը, Քուէյթն Ու Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները Ինձմէ Խնդրեցին Իրանի Կացութիւնը Որոշ Ատեն Այսպէս Պահել»

November 14, 2026
Քուշներ. «Առանց Եւրոպացիներու Ներկայութեան  Մոսկուայի Եւ Քիեւի Միջեւ  Համաձայնութիւն Կարելի Չէ Կնքել»
Գլխաւոր լուրեր

Քուշներ. «Առանց Եւրոպացիներու Ներկայութեան Մոսկուայի Եւ Քիեւի Միջեւ Համաձայնութիւն Կարելի Չէ Կնքել»

November 14, 2026
Պըռնըմ Եւրոպական Միութեան Հետ  Նոր Համաձայնագիրներու Կնքումէն Առաջ  Մինչեւ Վերջին Պահ Բանակցութիւններ Կը Նախատեսէ
Միջազգային

Պըռնըմ Եւրոպական Միութեան Հետ Նոր Համաձայնագիրներու Կնքումէն Առաջ Մինչեւ Վերջին Պահ Բանակցութիւններ Կը Նախատեսէ

November 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.