Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մոսկուան Թշնամական Քայլ Կը Նկատէ Ռուսիոյ Դէմ Եւրոպական Միութեան Պատժամիջոցներուն Մոլտովայի Միանալը

November 27, 2023
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մոսկուան Ռուսիոյ դէմ Եւրոպական Միութեան պատժամիջոցներուն Մոլտովայի միանալը կը գնահատէ իբրեւ թշնամական քայլ: Այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա:

«Ատիկա կը գնահատենք իբրեւ հերթական թշնամական քայլ Մոլտովայի ղեկավարութեան կողմէ, որ ամբողջովին համարկուած է «հաւաքական Արեւմուտք»-ի հակառուսական արշաւին մէջ: Ատոր նպատակը ի սպառ ոչնչացումն է ռուս-մոլտովական յարաբերութիւններուն, որոնք Քիշնեւի մեղքով արդէն կը գտնուին շատ անմխիթար վիճակի մէջ», յայտարարած է Զախարովա` աւելցնելով, որ մոլտովական կողմի որոշումը անպատասխան պիտի չմնայ:

Անոր համաձայն, Մոլտովայի ղեկավարութեան ապակառուցողական նման ընթացքը դժուար թէ կը համապատասխանէ շահերուն երկիրի բնակիչներուն, որոնց ճնշող մեծամասնութիւնը, Զախարովայի կարծիքով, բարեկամաբար կը վերաբերի Ռուսիոյ եւ հետաքրքրուած է պահպանել ու զարգացնել երկկողմանի բազմերես համագործակցութիւնը:

Նշենք, որ Մոլտովան 23 նոյեմբերին պաշտօնապէս միացած էր Ռուսիոյ դէմ Եւրոպական Միութեան հաստատած պատժամիջոցներուն` Ուքրանիոյ տարածքային ամբողջականութիւնը, գերիշխանութիւնը եւ անկախութիւնը խարխլելու կամ սպառնալիքի տակ դնելու Մոսկուայի գործողութիւններուն պատճառով:

 

Նախորդը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ Անդրանիկ – ՀՄԸՄ 72-88

Յաջորդը

Եւրոպական Յանձնաժողովը Կողմնակից Է Ուքրանիոյ` Եւրոպական Միութեան Անդամակցութեան Բանակցութիւններու Մեկնարկին Եւ Կ՛առաջարկէ Վրաստանին Եւրոպական Միութեան Թեկնածուի Կարգավիճակ Տալ Վրաստանին

RelatedPosts

Թրամփ. «Սէուտական Արաբիան, Քաթարը,  Քուէյթն Ու Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները  Ինձմէ Խնդրեցին Իրանի Կացութիւնը  Որոշ Ատեն Այսպէս Պահել»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Սէուտական Արաբիան, Քաթարը, Քուէյթն Ու Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները Ինձմէ Խնդրեցին Իրանի Կացութիւնը Որոշ Ատեն Այսպէս Պահել»

November 14, 2026
Քուշներ. «Առանց Եւրոպացիներու Ներկայութեան  Մոսկուայի Եւ Քիեւի Միջեւ  Համաձայնութիւն Կարելի Չէ Կնքել»
Գլխաւոր լուրեր

Քուշներ. «Առանց Եւրոպացիներու Ներկայութեան Մոսկուայի Եւ Քիեւի Միջեւ Համաձայնութիւն Կարելի Չէ Կնքել»

November 14, 2026
Պըռնըմ Եւրոպական Միութեան Հետ  Նոր Համաձայնագիրներու Կնքումէն Առաջ  Մինչեւ Վերջին Պահ Բանակցութիւններ Կը Նախատեսէ
Միջազգային

Պըռնըմ Եւրոպական Միութեան Հետ Նոր Համաձայնագիրներու Կնքումէն Առաջ Մինչեւ Վերջին Պահ Բանակցութիւններ Կը Նախատեսէ

November 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.