Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վաղը 2019-էն Ի Վեր Առաջին Անգամ Ըլլալով Հարաւային Քորէայի, Ճափոնի Եւ Չինաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարներու Հանդիպում

November 25, 2023
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հարաւային Քորէայի, Ճափոնի եւ Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարները կիրակի օր 2019-էն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով պիտի գումարեն եռակողմ ժողով մը: Այս մասին հաղորդեց Հարաւային Քորէայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը:

Հարաւային Քորէայի, Ճափոնի եւ Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարներ Փարք Ճեն, Եոք Քիմիաքաուա եւ Ուանկ Եի կիրակի օր հանդիպում պիտի ունենան հարաւային ծովեզերեայ Պուսան քաղաքին մէջ, մինչ Փեքինի մօտ Ուաշինկթընի հետ Թոքիոյի եւ Սէուլի անվտանգային յարաբերութիւններու զարգացման նկատմամբ մտավախութիւնը կ՛աճի:

Ժողովը կը գումարուի նաեւ Հիւսիսային Քորէայի կողմէ լրտեսական արբանեակի մը ծիրի վրայ դրուելէն քանի մը օր ետք: Փիոնկիանկի այդ քայլը պատճառ դարձած էր, որ երկու քորէաներուն միջեւ 2018 թուականէն ի վեր գոյութիւն ունեցող եւ թերակղզիին վրայ լարուածութեան թուլացման ծառայող զինուորական համաձայնութիւնը առկախուի:

Երեք երկիրներու դիւանագիտութեան պետերը, ըստ Հարաւային Քորէայի արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութեան, մտադիր են իրենց սպասուող հանդիպումին ընթացքին «աշխուժ կերպով կարծիքներ փոխանակել եռակողմ գործակցութեան զարգացման եւ շրջանային ու միջազգային հարցերու շուրջ»:

Նախարարները նաեւ պիտի նախապատրաստեն երեք երկիրներու ղեկավարներուն միջեւ ապագայ եռակողմ վեհաժողովը:

Նշենք, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն այս ամիս զգուշացուցած էր Հիւսիսային Քորէայի եւ Ռուսիոյ միջեւ «հետզհետէ աճող ու վտանգաւոր» զինուորական յարաբերութիւններէն, եւ Փիոնկիանկի գլխաւոր դաշնակից Չինաստանին կոչ ուղղած` զսպելու հիւլէական զէնքի տէր Հիւսիսային Քորէան:

Նախորդը

ՕԹԱՆ-ի Պաշտօնատար Մը Կ՛առաջարկէ «Ռազմական Շենկեն»-ի Գօտի Ստեղծել

Յաջորդը

Եւրոպական Միութիւնը Արտօնած Է Մոլտովան Եւ Վրաստանը Մաս Առ Մաս Միութիւն Ընդունելու Կարելիութիւնը

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.