Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսի իր թուրք պաշտօնակից Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին քննարկած է շրջանի վերջին զարգացումներն ու Կազայի վրայ իսրայէլեան յարձակումը: Այս մասին հաղորդեց Իրանի նախագահական պալատը:
Ռայիսի Էրտողանին յայտնած է. «Միացեալ Նահանգներ Կազայի բնակիչները կը սպաննեն եւ կը նպաստեն տարածքին մէջ քաղաքայիններու դէմ ոճիրներու շարունակման»:
«Ամերիկան մեղսակից է ոճիրներուն եւ ցեղասպանութեան, որոնք սիոնականները կը գործադրեն, եւ անիկա այսօր համաշխարհային հասարակութեան առջեւ իր հաւաստիութիւնը կորսնցուցած է», շեշտած է ան:
Իրանի նախագահը նաեւ նշած է. «Ամերիկացիները իրաւունք չունին Կազայի հարցին միջամտելու եւ փոխան անոր բնակիչներուն որոշում տալու: Անոնց կողմէ այդ ուղղութեամբ որեւէ քայլ ձախողութեան պիտի մատնուի»:
«Կազայի բնակիչներն են, որոնք տարածքի ապագան ճշդելու իրաւունքը ունին, եւ այդ մէկը կը կատարեն Համաս շարժումին միջոցով, որ օրինական կառավարութիւնը կը ներկայացնէ», նշած է Իրանի նախագահը:
«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ երկու նախագահները նշած են, որ համագործակցած են Կազայի մէջ մարդասիրական զինադադարը մնայուն դարձնելու համար:


