Իրանի իսլամական հանրապետութեան եւ Ազրպէյճանի հանրապետութեան յարաբերութիւնները լաւ մակարդակի վրայ են: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին ըսած է Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նասեր Քենաանի:
«Ազրպէյճանի հետ յարաբերութիւնները լաւ մակարդակի վրայ են: Իրանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ համագործակցութիւնն ու երկխօսութիւնը կը զարգանան քաղաքական, տնտեսական եւ զինուորական ոլորտներու մէջ: Յոյսով ենք, որ այդ համագործակցութիւնը պիտի շարունակուի հասարակաց շահերու ծիրին մէջ», ըսած է Քենաանի:
Իրանի արտաքին գործոց նախարարի բանբերին համաձայն, երկու կողմերն ալ ունին կամք` այդ նպատակներուն հասնելու համար:


