Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զօր. Սիրսքի. «Կացութիւնը Վատթարացաւ, Եւ Ռուսական Բանակը Ուքրանիոյ Մէջ Մարտավարական Յաջողութիւններ Կ՛արձանագրէ»

April 30, 2024
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ուքրանական զինեալ ուժերու սպայակոյտի պետ Ալեքսանտր Սիրսքի յայտարարեց, որ ճակատին վրայ կացութիւնը «վատթարացաւ», եւ ռուսական ուժերը տարբեր շրջաններու մէջ «մարտավարական յաջողութիւններ» կ՛արձանագրեն:

Զօր. Սիրսքի յայտնեց, որ Ռուսիան «շփման գիծի ամբողջ երկայնքին յարձակում կը գործէ եւ կարգ մը շրջաններու մէջ մարտավարական յաջողութիւններ կ՛արձանագրէ»:

«Ռազմավարական նախաձեռնութիւնը ձեռք ձգելու եւ ճակատի գիծը ճեղքելու փորձով, թշնամին իր ջանքերը կեդրոնացուց շարք մը շրջաններու վրայ, ինչ որ ուժերու եւ կարողականութեան մեծ գերակայութիւն ստեղծեց», աւելցուց ան:

Ուքրանիոյ բանակի հրամանատարը ըսաւ, որ անցեալ շաբթուան ընթացքին շփման գիծին վրայ «բուռն ճակատամարտեր» տեղի ունեցած են` ակնարկելով, որ կացութիւնը «փոփոխական է», ուր կողմերէն մէկը կարգ մը դիրքեր իր վերահսկողութեան տակ կ՛առնէ, ապա միւս կողմը կը վերատիրանայ այդ դիրքերուն, իսկ ատիկա մէկ օրուան ընթացքին քանի մը անգամ տեղի կ՛ունենայ:

Ան նշեց, որ ուքրանական ուժերը կարգ մը շրջաններու մէջ կը կարողանան «բարելաւել իրենց մարտավարական դիրքերը»:

Զօր. Սիրսքի ըսաւ, որ երկրին հիւսիսը գտնուող Քուփիանսքը այն շրջաններէն է, ուր բուռն բախումներ տեղի կ՛ունենան, եւ ռուսերը «յանդուգն յաջողութիւններ կ՛արձանագրեն, սակայն անոնք կասեցուեցան»:

Ան յայտնեց, որ Փոքրովսք եւ Քուրախով շրջաններուն մէջ «կացութիւնը աւելի բարդ է», եւ այդտեղ «բուռն բախումը կը շարունակուի»:

Զօր. Սիրսքի խոստովանեցաւ, որ ուքրանական ուժերը նահանջած են Պերտիչի, Սեմենիվքա եւ Նովոմիխայիլիվքա գիւղերէն:

Նախորդը

«Ամերիկացիներու 60 Առ Հարիւրը Հաւանութիւն Չի Տար Պայտընի Աշխատանքին» Կը Հաղորդէ «Սի.Էն.Էն.»

Յաջորդը

Պլինքըն. «Քաղաքայիններուն Վնաս Չհասցնելու Ծրագիրի Բացակայութեան Չենք Կրնար Ռաֆահի Մէջ Զինուորական Մեծ Գործողութեան Մը Աջակցիլ»

RelatedPosts

Միացեալ Նահանգներու Մէջ`  Միջանկեալ Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մէջ` Միջանկեալ Ընտրութիւններ

November 4, 2026
Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն  Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»

November 4, 2026
Իրանեան Զինեալ Ուժերու  Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց.  «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի  Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ  Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»
Գլխաւոր լուրեր

Իրանեան Զինեալ Ուժերու Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց. «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.