Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բռնագրաւեալ Ակնայի Մէջ Ռուս-Թրքական Մշտադիտարկման Միացեալ Կեդրոնը Փակուեցաւ

April 29, 2024
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Անցեալ ուրբաթ օր բռնագրաւեալ Արցախի Ակնայի շրջանին մէջ տեղի ունեցած է ռուս-թրքական մշտադիտարկման միացեալ կեդրոնի փակման հանդիսաւոր արարողութիւնը:

Կեդրոնի բացումը տեղի ունեցած էր 30 յունուար 2021-ին:

Նախապէս ընթացք առած էր Արցախէն ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի դուրսբերման հոլովոյթը:

Կեդրոնի փակման արարողութեան մասնակցած է Ռուսիոյ զինեալ ուժերու սպայակոյտի պետի տեղակալ գնդապետ-զօրավար Սերկէյ Իսթրաքոքով, Ազրպէյճանի սպայակոյտի պետ Քերիմ Վելիեւ եւ Թուրքիոյ ցամաքային ուժերու սպայակոյտի պետ Լեւենթ Էրկիւն:

Զօր. Իսթրաքով իր խօսքին մէջ յայտարարած է. «Կեդրոնի գործունէութեան ընթացքին ռուս եւ թուրք խաղաղապահները ձեւաւորած են զինադադարի պահպանման մշտադիտարկման յուսալի համակարգ: Ռուս եւ թուրք խաղաղապահները ամուր հիմքեր դրած են բազմաչարչար այս հողերուն վրայ խաղաղութեան համար: Դրուած բոլոր խնդիրները լուծուած են Ռուսիայէն եւ Թուրքիայէն գործընկերներու կողմէ գործնական եւ բարեկամական մթնոլորտի մէջ»:

Իսթրաքով ընդգծած է, որ Արցախի մէջ ռուսական խաղաղապահ զօրակազմին հետ միասին կատարուած է կարելին` շրջանի խաղաղ եւ առանց տագնապներու զարգացման համար:

Ըստ զօրավարի, ռուս-ազրպէյճանական յարաբերութիւնները կը զարգանան բարեկամութեան եւ բարի դրացնութեան ուղիով, տարբեր ոլորտներու մէջ կը կատարուին տնտեսական մեծ նախագիծեր:

«Պաքուն, Մոսկուան եւ Անգարան յաջողութեամբ կը համակարգեն ջանքերը շրջանային եւ համաշխարհային օրակարգի կարեւոր հարցերու լուծման ուղղութեամբ», ըսած է Իսթրաքով:

Ան Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկուի անունով երախտագիտութիւն յայտնած է Ռուսիոյ, Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի զինուորներուն, որոնք «յաջողութեամբ կատարած են իրենց մարտական պարտքը` յանուն ամբողջ Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան եւ հանգստութեան: Յոյսով եմ, որ մենք պիտի շարունակենք յաջողութեամբ զարգացնել միջպետական յարաբերութիւնները»:

Նախորդը

Միջազգային Քրէական Դատարանի Կազայի Հարցով Գերմանիոյ Դէմ Նիքարակուայի Հարցին Վերաբերեալ Վճիռը` Երեքշաբթի

Յաջորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոսին Այցելեց Պապական Նուիրակը

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.