Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պայտըն Իսրայէլի Զէնքերու Մատակարարման Համար Պայմաններ Կը Ճշդէ

Մայիս 10, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն զգուշացուց, որ իր երկիրը Իսրայէլին որոշ տեսակի զէնքեր պիտի չմատակարարէ, եթէ Ռաֆահի վրայ յարձակում գործէ, եւ նշեց, թէ Ուաշինկթընի` Թել Աւիւին մատակարարած ռումբերը Կազայի մէջ քաղաքայիններու սպանութեան մէջ օգտագործուած են:

Սպիտակ տան ղեկավարը «Սի.Էն.Էն.»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին, պատասխանելով անցեալ շաբաթ ամերիկեան վարչակազմին Իսրայէլի ռումբերու մատակարարումը առկախելու մղած պատճառներուն մասին հարցումի մը, ըսաւ. «Կազայի մէջ այս ռումբերուն պատճառով քաղաքայիններ սպաննուեցան, եւ ատիկա վատ բան է»:

«Եթէ (իսրայէլացիները) Ռաֆահ մուտք գործեն, անոնց պիտի չտրամադրեմ զէնքեր, որոնք նախապէս քաղաքներու դէմ օգտագործուեցան», զգուշացուց Պայտըն` աւելցնելով. «Անոնց պիտի չյանձնենք զէնքերն ու հրետանիի ռումբերը, որոնք (Կազայի մէջ պատերազմի ընթացքին) օգտագործուեցան»:

Ինչ կը վերաբերի Ռաֆահի դէմ իսրայէլեան բանակին շղթայազերծած գործողութեան, Պայտըն ըսաւ, որ անիկա ներթափանցում մըն է, որ «բնակուած կեդրոններ» չհասաւ` այդպիսով տողատակի յայտնելով, որ իր վարչակազմին արձագանգը պահանջող լայնածաւալ ցամաքային գործողութիւն մը չէ:

Պայտըն աւելցուց, որ ինք զգուշացուցած է Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուն եւ անոր պատերազմի կառավարութիւնը, «թէ անոնք մեր աջակցութիւնը պիտի չստանան, եթէ բնակուած կեդրոններ մուտք գործեն», սակայն Իսրայէլ տակաւին Ռաֆահի հարցով կարմիր գիծը չանցաւ:

Միացեալ Նահանգներու նախագահը նաեւ անդրադարձաւ ամերիկեան համալսարաններուն մէջ պաղեստինցիներուն ի նպաստ ուսանողական շարժումին` նշելով. «Ուսանողներուն պատգամը ինծի հասաւ, եւ ցոյց կատարելու օրինական իրաւունք գոյութիւն ունի, սակայն կարելի չէ ատելութեան հռետորաբանութիւն օգտագործել եւ հրեայ ուսանողներուն սպառնալ»:

ՄԱԿ-ի մէջ Իսրայէլի դեսպան Կիլաատ Իրտան յայտնեց, որ ինք չի հաւատար, որ Միացեալ Նահանգներ պիտի դադրին Իսրայէլին զէնք մատակարարելէ, սակայն Ուաշինկթընի կարգ մը զէնքերու մատակարարման առկախումը որակեց «մեծապէս յուսախաբող» եւ հիասթափեցնող:

Ան իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանին յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահը «չի կրնար ըսել, որ Կազայի պատերազմին մէջ Համասը քանդելու մեր նպատակին մէջ մեր գործընկերն է, երբ միւս կողմէ կ՛ուշացնէ այն միջոցները, որոնք պիտի օգտագործուին Համասը ոչնչացնելու համար»:

Իսրայէլեան բանակի ձայնասփիւռի կայանը նշեց. «Ռաֆահի մէջ լայնածաւալ գործողութիւնը առայժմ դադրեցուեցաւ»:

Հակասական Տեղեկութիւններ
Բանակցութիւններուն Մասին

Իսրայէլացի պաշտօնատար մը իսրայէլեան պատկերասփիւռի 13-րդ կայանին յայտնեց, որ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու Համասի հետ բանակցութիւններուն  յառաջընթաց արձանագրելու արգելք կը հանդիսանայ` աւելցնելով, որ Գահիրէի մէջ բանակցութիւններու ներկայ փուլը «գրեթէ տապալած է», եւ Իսրայէլի եւ Համասի պատուիրակութիւնները հեռացած են Եգիպտոսի մայրաքաղաքէն:

Իսրայէլի պետական պատկերասփիւռի կայանը իր կարգին հաղորդեց. «Գահիրէ գտնուող իսրայէլեան պատուիրակութիւնը գերիներու փոխանակման գործարքի բանակցութիւններու ընթացքին վերաբերեալ ժխտական ցուցանիշներ կը փոխանցէ»:

Եգիպտական «Գահիրա Իխպարիա» պատկերասփիւռի կայանը, սակայն, նշեց. «Կազայի մէջ զինադադարի համաձայնութեան հասունացման ցուցանիշներ գոյութիւն ունին, եւ աշխատանք կը տարուի լուծելու որոշ կէտերու շուրջ տարակարծութիւնները»:

Նախորդը

Ուասլ. Ռիատի Յաջորդական Երկրորդ Տարին Ըլլալով Ախոյեան

Յաջորդը

Ապահովական Սպառնալիքն Ու Սուրիացի Տեղահանուածներու Իրավիճակը Առանցքը Կազմեցին Լիբանանի Պատասխանատուներու Խորհրդակցութեանց

RelatedPosts

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը  Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է  Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»
Գլխաւոր լուրեր

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»

Օգոստոս 19, 2025
Թրամփ. «Եթէ Իրանի Դէմ Զինուորական  Միջամտութեան Մը Կարիքը Զգացուի Պիտի Միջամտենք,  Եւ Իսրայէլ Անոր Պիտի Մասնակցի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Խրիմին Վերատիրացում Եւ Ուքրանիոյ` ՕԹԱՆ-ին Անդամակցութիւն Տեղի Պիտի Չունենայ»

Օգոստոս 19, 2025
Ռուսիա Դարձեալ Հարուածած Է Օտեսայի Մէջ  Ազրպէյճանական ՍՈՔԱՐ-ի Կառոյցները
Գլխաւոր լուրեր

Ռուսիա Դարձեալ Հարուածած Է Օտեսայի Մէջ Ազրպէյճանական ՍՈՔԱՐ-ի Կառոյցները

Օգոստոս 19, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?