Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն Յորդանան եւ Սէուտական Արաբիա այցելելէ ետք երեքշաբթի օր մեկնեցաւ Իսրայէլ: Ասիկա 7 հոկտեմբեր 2023-էն ի վեր անոր շրջան կատարած 7-րդ այցելութիւնն էր:
Պլինքըն չորեքշաբթի օր իսրայէլացի ղեկավարներուն յստակօրէն ըսաւ, որ Միացեալ Նահանգներ դէմ են Ռաֆահ քաղաքին վրայ որեւէ լայնածաւալ յարձակումի` նշելով, որ Համասի հետ վարուելու «աւելի լաւ լուծումներ» առաջարկած է:
Պլինքըն Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի եւ այլ պաշտօնատարներու հետ բանակցութիւններէ ետք յայտարարեց. «Մեր դիրքորոշումը յստակ է, չէ փոխուած եւ պիտի չփոխուի»: Ան նշեց. «Չենք կրնար Ռաֆահի մէջ զինուորական մեծ գործողութեան զօրակցիլ, երբ չկայ ազդու ծրագիր մը վստահ ըլլալու, թէ քաղաքայիններ պիտի չվնասուին եւ այդպիսի ծրագիր մը չտեսանք»:
«Այլ լուծումներ կան, մեր կարծիքով` աւելի լաւ լուծումներ, Համասի ներկայացուցած իսկական մնայուն մարտահրաւէրը դիմակայելու համար, որ (Ռաֆահի մէջ) զինուորական մեծ գործողութեան չի կարօտիր», ըսաւ Պլինքըն:
Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ, մէջբերելով իսրայէլացի եւ ամերիկացի պաշտօնատարներ, հաղորդեցին, որ Նեթանիահու Պլինքընին ըսած է, որ Կազայի մէջ պատերազմին վերջ տուող գերիներու փոխանակման գործարք մը պիտի չընդունի, եւ եթէ Համաս այդ պայմանը չընդունի, Իսրայէլ Ռաֆահ պիտի ներխուժէ` ընդգծելով, որ այդ ցամաքային գործողութիւնը որեւէ այլ բանէ կախեալ չէ:
Պլինքըն Աշտոտի նաւահանգիստ այցելելով յայտնեց, որ Համաս պէտք է որոշէ, թէ համաձայնութիւնը պիտի ընդունի՞, թէ՞ ոչ: «Ո՛չ ձգձգման, ո՛չ խարդախութեան ժամանակ կայ, ո՛չ ալ` յաւելեալ ուշացման», ըսաւ ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը` աւելցնելով. «Համաս պէտք է ընդունի գործարքը, եթէ Կազայի մէջ պաղեստինցիներուն կը հոգայ»: Ըստ անոր, Իսրայէլ կարեւոր զիջումներ կատարած է Կազայի մէջ արգելափակուածներու ազատ արձակման հասնելու համար: «Համաս ինքն իր որոշումը կու տայ, եւ համաձայնութիւնը պիտի բարելաւէ պաղեստինցիներու կացութիւնը», ըսաւ ան:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարը այցելեց Քարամ Ապու Սալեմ անցակէտ, ուրկէ կ՛անցնին Կազա ուղարկուող օժանդակութիւնները, եւ լսեց իսրայէլացի պաշտօնատարներու, ներառեալ պաշտպանութեան նախարար Եոաւ Կալանթի օժանդակութիւններու հոսքի «կշռոյթը բարձրացնելու համար թափուած ջանքերուն» մասին բացատրութիւնները:
Համասի ղեկավարներէն Ուսամա Համտան յայտնեց, որ բանակցութեան փաստաթուղթին նկատմամբ Համասի կեցուածքը ժխտական է, եւ նշեց. «Եթէ թշնամին Ռաֆահի գործողութեան ձեռնարկէ, բանակցութիւնը պիտի դադրեցուի, որովհետեւ Դիմադրութիւնը կրակոցի տակ չի բանակցիր»:
Ան նաեւ նշեց, որ իրենք ողջունած են Համաս եւ Ֆաթհ շարժումներուն միջեւ չինական միջնորդութիւնը:
Քոլոմպիոյ նախագահ Կուսթաւօ Փիեթրօ յայտարարեց, որ պիտի խզէ Իսրայէլի հետ դիւանագիտական յարաբերութիւնները` Կազայի մէջ անոր վարմունքին համար, եւ պահանջեց միանալ Միջազգային քրէական դատարանին մէջ Հարաւային Ափրիկէի` Իսրայէլի դէմ ցեղասպանութեան ամբաստանութեամբ դատական հայցին:
Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Եիսրայէլ Քաց Քոլոմպիոյ` Իսրայէլի հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններուն խզումը նկատեց Համասին «վարձատրութիւն մը»: «Քոլոմպիոյ նախագահը խոստացաւ վարձատրել Համասի մարդասպանները, եւ այսօր իր խոստումը կատարեց: Պատմութիւնը պիտի յիշէ, որ Կուսթաւօ Փիեթրոն որոշեց մարդկութեան ճանչցած ամէնէն ստոր հրէշներուն կողքին կանգնիլ», ըսաւ ան:
Քաթարի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Էմիր Ապտոլլահեան հեռաձայնած է Քաթարի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ պըն Ապտելռահման Ալ Թանիին: Զրոյցի ընթացքին քննարկուած են երկու երկիրներու միջեւ գործակցական յարաբերութիւնները եւ անոնց աջակցելու եւ զանոնք զարգացնելու կարելիութիւնները: Մասնաւորաբար քննարկուած են Կազայի մէջ պատերազմին վերջ տալը եւ Կազա մարդասիրական օժանդակութիւններ հասցնելու հարցերը:
Իսրայէլեան ընդդիմութեան ղեկավար Եայիր Լափիտ երէկ այցելեց Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ եւ հանդիպում ունեցաւ երկրի արտաքին գործոց նախարար Ապտալլա պըն Զայետ Ալ Նահիանի հետ հետ` կոչ ուղղելով միջամտելու գերիներու ազատ արձակման գործարքին:
Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտարարեց, որ պըն Զայետ շեշտած է համապարփակ խաղաղութեան հաստատման համար դէպի «Երկու պետութիւններ» լուծումի վրայ հիմնուած «քաղաքական լուրջ հորիզոններու յայտնաբերման հրատապ մղումի կարեւորութիւնը»:
Ան նաեւ Կազայի մէջ զինադադարի հաստատման եւ շրջանին մէջ տագնապի ընդլայնումէն խուսափելու աշխատանքի կարեւորութիւնը շեշտած է` նշելով, որ առաջնահերթութիւնը լարուածութեան ու բռնարարքներուն վերջ տալը, քաղաքայիններու կեանքերու պաշտպանութիւնը, Կազայի բնակիչներու հրատապ մարդասիրական օժանդակութիւններու անարգել հոսքը դիւրացնելու ջանքերն են: