Իսրայէլի հետ առեւտուրը դադրեցնելու Թուրքիոյ որոշումը ուժի մէջ պիտի մնայ մինչեւ Կազայի մէջ մնայուն զինադադարի հաստատումը: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է Թուրքիոյ առեւտուրի նախարար Էօմեր Պոլաթ:
«Երբ 2 մայիսէն որոշեցինք ամբողջութեամբ դադրեցնել Իսրայէլի հետ առեւտուրը, ընդգծեցինք մեր նպատակը, որ Իսրայէլը կարելի եղածին չափ շուտ համաձայնի մնայուն եւ անյապաղ զինադադարի, որպէսզի կարելի եղածին չափ արագ վերականգնուի պարենամթերքի առաքումը շրջան, բժշկական եւ մարդասիրական օգնութիւնը: Քանի դեռ մենք ատիկա չենք տեսած, Իսրայէլի հետ առեւտուրը դադրեցնելու մեր որոշումը պիտի մնայ ուժի մէջ», նշած է նախարարը:
Միեւնոյն ժամանակ Պոլաթ շեշտած է, որ Պաղեստինի հետ առեւտուրը կը շարունակուի:
«Մենք կ՛ընենք կարելի ամէն բան, որպէսզի պաղեստինեան տնտեսութիւնը նուազագոյն կորուստներ կրէ», ըսած է Պոլաթ` Պաղեստինի տնտեսութեան նախարար Մոհամետ Ամուրի հետ հանդիպումէն ետք:


