Մոսկուան ու Պաքուն կը քննարկեն Ազրպէյճանի մէջ Ռուսիոյ հիւպատոսութիւններու ստեղծման հարցը, Ռուսիան այս հարցին մէջ յաջողութեան յոյս ունի: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին Ս. Փեթերսպուրկի միջազգային տնտեսական համախմբումի ծիրին մէջ «Ռուսիա-Ազրպէյճան» նիստի ընթացքին յայտնած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայիլ Կալուզինը:
«Պիտի ուզէի նշել, որ մեր յարաբերութիւններու յառաջընթաց զարգացումը, ներառեալ առեւտրատնտեսական համագործակցութեան զարգացման նոր հնարաւորութիւններու որոնումը, համահունչ պիտի ըլլայ Ազրպէյճանի մէջ մեր հիւպատոսութիւններու ստեղծման: Ազրպէյճանցի ընկերներու եւ մեր միջեւ այժմ այդ զրոյցը կ՛ընթանայ, եւ յոյսով ենք, որ անիկա նոյնպէս յաջողութեամբ պիտի պսակուի», նշած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարարը:
Կալուզին չէ յստակացուցած, թէ Մոսկուան ո՛ւր կ՛ուզէ հիւպատոսութիւններ բանալ: Անցած օրերուն Ռուսիոյ խորհուրդի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի նախագահ Կրիկորի Քարասին յայտարարած էր, որ Ռուսիան մտադիր է Ստեփանակերտի մէջ ընդհանուր հիւպատոսութիւն բանալ եւ այդ հարցին մէջ կ՛ակնկալէ Ազրպէյճանի աջակցութիւնը:
Ռուս պաշտօնատարը իր խօսքին մէջ օգտագործած է Լեռնային Ղարաբաղի մայրաքաղաքի ազրպէյճանական անուանումը` Խանքենդի:
Պաքուն հրապարակաւ չէ արձագանգած այս յայտարարութեան: Ազրպէյճանի խորհրդարանի անդամ, իշխանութիւններու քարոզչական խօսափողը նկատուող Ռասիմ Մուսապեքով յայտարարած է, որ Մոսկուան այդ քայլով կ՛ուզէ վերականգնել Ղարաբաղի մէջ իր ներկայութիւնը:


