Իրանի ներքին գործոց նախարարութիւնը յայտնած է նախագահի պաշտօնին համար հաստատուած թեկնածուներու անունները: Ընդհանուր առմամբ, ցանկին վրայ ներառուած են 6 թեկնածուներ, որոնց արտօնուած է մասնակցիլ քարոզարշաւին: Այս մասին կը հաղորդէ իրանեան «Մեհր» լրատու գործակալութիւնը:
Արտակարգ ընտրութեան մասնակցելու իրաւունք ստացած են խորհրդարանի գործող նախագահ Մոհամետ Պաղեր Քալիպաֆը, Թեհրանի քաղաքապետ Ալիռեզա Զաքանին, Իսլամական Հանրապետութեան Անվտանգութեան խորհուրդին մէջ հոգեւոր առաջնորդի ներկայացուցիչ Սայիտ Ժալիլին, Մասուտ Փեզեշեանը, Մոսթաֆա Փուր Մոհամմատին, Ամիրհոսէյն Քազիզատէ Հաշեմին:
Նախագահական ընտրութեան օրէնքին համաձայն, նախընտրական քարոզարշաւը պաշտօնապէս սկսաւ երէկ եւ պիտի շարունակուի մինչեւ ընտրութենէն 24 ժամ առաջ:
Իրանի արտակարգ նախագահական ընտրութիւնը, որ ճշդուած է մայիսին ուղղաթիռի ջախջախման պատճառով նախագահ Իպրահիմ Ռայիսիի մահուան պատճառով, տեղի պիտի ունենայ 28 յունիսին:


