Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Իրանի նախագահի գործակատար, երկրի առաջին փոխնախագահ Մոհամետ Մոխպերի հետ: Այս մասին հաղորդեց «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը:
Հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին քննարկուած են Ազրպէյճանի Զանգելանի շրջանը Իրանի տարածքով Նախիջեւանին միացնելու ճանապարհափոխադրամիջոցային գիծ ստեղծելու աշխատանքները: Այս մասին կը հաղորդեն ազրպէյճանական լրատուամիջոցները` վկայակոչելով Ազրպէյճանի նախագահի պաշտօնական կայքի հաղորդագրութիւնը:
Մոխպերը նախագահի գործակատար դարձաւ, երբ Իրանի 8-րդ նախագահ Իպրահիմ Ռայիսին, արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Էմիր Ապտոլլահեանը եւ եւս չորս պաշտօնատարներ մահացան Իրանի Արեւելեան Ազրպէյճան նահանգի հիւսիս-արեւմուտքը գտնուող Վարզաքան շրջանին մէջ զանոնք փոխադրող ուղղաթիռի արկածի հետեւանքով:
Անոնք Ազրպէյճանի հետ սահմանին միացեալ ամբարտակի նախագիծի բացման արարողութենէն ետք կը վերադառնային Թեհրան:


