Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արաքժի Կը Նշէ Միացեալ Նահանգներու Եւ Եւրոպայի Հետ Յարաբերութիւններուն Մէջ Լարուածութեան Կարգաւորման Պայմանները

August 23, 2024
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրանի արտաքին գործոց նոր նշանակուած նախարար Ապպաս Արաքժի հրապարակած է Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոպայի հետ յարաբերութիւններու վերականգնման պայմանները:

Ճափոնական «Քիոթօ Նիուզ»-ի հետ իր առաջին հարցազրոյցին մէջ Արաքժի յայտնած է, որ իր նախարարութիւնը պիտի ամրապնդէ Թեհրանի եւ Թոքիոյի միջեւ յարաբերութիւնները բոլոր ուղղութիւններուն մէջ եւ պիտի համագործակցի Թոքիոյի հետ շրջանային ճգնաժամի միացեալ լուծման համար:

Արաքժիի կարծիքով` Իրանն ու Ճափոնը Ասիոյ մէջ փոխշահաւէտ եւ կայունացնող գործընկերութեան հսկայական կարողականութիւն ունին:

Արաքժի ըսած է, որ նոր կառավարութիւնը կարեւոր կը նկատէ Արեւելեան Ասիոյ հետ յարաբերութիւններու զարգացումը, եւ ընդգծած «Ճափոնի կարեւոր դերը» այդ ծիրին մէջ: Արտաքին գործոց նախարարը ըսած է, որ համաշխարհային անորոշութեան եւ վերափոխումներու պայմաններուն մէջ խիստ կարեւոր է նոր ուղիներ բանալ տնտեսական եւ առեւտրական համագործակցութեան համար Իրանի եւ Ճափոնի միջեւ:

Ինչ կը վերաբերի Ճափոնի` Թեհրանի եւ Ուաշինկթընի միջեւ թշնամանքի յաղթահարման վերաբերեալ 2019 թուականի նախաձեռնութեան, Արաքժի ըսած է, որ Իրանն ու Ճափոնը ամրապնդած են յարաբերութիւնները, որոնք կը բնորոշուին բարեկամութեամբ, փոխադարձ ըմբռնումով, յարգանքով եւ վստահութեամբ:

Իրանեան դիւանագիտութեան պետը բացատրած է, որ իբրեւ կարեւոր քայլ Իրանի հանդէպ պատժամիջոցներու չեղեալ նկատման ճամբուն վրայ կարեւոր կը նկատուի յարաբերութիւններու եւ կապերու վերականգնումը Ուաշինկթընի եւ եւրոպական երկիրներու հետ, սակայն միայն այն պարագային, եթէ անոնք հրաժարին «իրենց թշնամական  մօտեցումէն»` ձգտելով վերականգնել 2015 թուականի հիւլէական գործարքն ու չեղեալ յայտարարել պատժամիջոցները:

 

Նախորդը

Քոպախիծէ. «Վրաստանի Խորհրդարանական Ընտրութիւնները Պիտի Դառնան Պատերազմի Եւ Խաղաղութեան Միջեւ Հանրաքուէ»

Յաջորդը

Փեքին. «Միացեալ Նահանգներ Հիւլէական Մեծագոյն Սպառնալիքն Են, Եւ Զինարշաւի Մէջ Մտնելու Նպատակ Չունինք»

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.