Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ, Միացեալ Նահանգներու նախագահի Դեմոկրատական կուսակցութեան թեկնածու Քամալա Հարիս Շիքակոյի մէջ իր կուսակցութեան ընդհանուր ժողովի ծիրին մէջ իր արտասանած խօսքին մէջ խոստացաւ բոլոր ամերիկացիներուն նախագահը ըլլալ:
Ան շեշտեց, որ նոյեմբերի նախագահական ընտրութիւնը «նոր երթ մը ճշդելու» առիթ մը պիտի ըլլայ` աւելցնելով. «Կ՛ուզեմ ասիկա գիտնաք` կը խոստանամ բոլոր ամերիկացիներուն նախագահը ըլլալ»:
«Այս ընտրութեան մէջ սուղ առիթ մը ունինք պառակտման պայքարները շրջանցելու` ոչ թէ իբրեւ որեւէ կուսակցութեան անդամներ, այլ իբրեւ ամերիկացիներ յառաջ ընթանալու համար», աւելցուց Հարիս:
«Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ Տանըլտ Թրամփի ծրագիրը հիմնուած է 2020 թուականի ծրագիրին վրայ, մեզ ետ վերադարձնելու համար, եւ ատիկա տեղի պիտի չունենայ», ըսաւ ան:
Քամալա Հարիս նոյեմբերի ընտրութեան յաղթանակ արձանագրելու պարագային Միացեալ Նահանգներու առաջին կին եւ հարաւային ասիացի նախագահը պիտի ըլլայ: Անոր հայրը Ժամայքայէն է, իսկ մայրը` Հնդկաստանէն:


