Վրաստանի մէջ 26 հոկտեմբերին նշանակուած խորհրդարանական ընտրութիւնները պիտի դառնան «պատերազմի եւ խաղաղութեան միջեւ հանրաքուէ»: Այս մասին յայտարարած է Վրաստանի վարչապետ Իրաքլի Քոպախիծէ:
«Այս ընտրութիւնները տեսակ մը հանրաքուէ են պատերազմի եւ խաղաղութեան միջեւ, հանրաքուէ` քարոզչութեան եւ աւանդական արժէքներու միջեւ: Իրականութեան մէջ ընտրութիւնը յստակ է: Ըտրութիւն պէտք է կատարել յօգուտ խաղաղութեան, բարոյականութեան եւ երկրի պայծառ ապագային», ըսած է Քոպախիծէ վրացի լրագրողներուն:
Վրաստանի խորհրդարանական ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան 26 հոկտեմբերին: