Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իրան ԵԱՏՄ-ի Մէջ Դէտ Պետութեան Կարգավիճակ Ստանալու Դիմում Ներկայացուցած Է

August 23, 2024
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրան Եւրասիական տնտեսական միութեան (ԵԱՏՄ) մէջ դէտ պետութեան կարգավիճակ ստանալու դիմում ներկայացուցած է: «Ինթըրֆաքս» կը հաղորդէ, որ այս մասին կը հաղորդէ ԵԱՏՄ-ի մամլոյ ծառայութիւնը:

«Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան Եւրասիական տնտեսական միութեան մէջ դէտ պետութեան կարգավիճակ ստանալու վերաբերեալ դիմումը քննարկուած է Եւրասիական տնտեսական յանձնաժողովի կեդրոնատեղիին մէջ», կը նշուի հաղորդագրութեան մէջ:

Կը նշուի նաեւ, որ այս հարցին շուրջ խորհրդակցութիւնները տեղի ունեցած են տեսաժողովի ձեւաչափով` համարկման եւ մաքրոտնտեսութեան նախարար Սերկէյ Կլազեւի նախագահութեամբ:

«Խորհրդակցութիւններուն մասնակիցները նշած են ԵԱՏՄ-ի անդամ պետութիւններու եւ Իրանի իսլամական հանրապետութեան առեւտրատնտեսական համագործակցութեան յառաջընթաց զարգացումը եւ ողջունած ԵԱՏՄ-ի մէջ դէտ պետութեան կարգավիճակ ստանալու ընթացակարգ նախաձեռնելու` երկրի մտադրութիւնը», կ՛ընդգծուի հաղորդագրութեան մէջ:

ԵԱՏՄ-ի մամլոյ ծառայութիւնը կը յիշեցնէ, որ օտարերկրեայ գործընկերոջ նման կարգավիճակ տալու որոշումը կ՛ընդունին միութեան անդամ պետութիւններու ղեկավարները` Եւրասիական տնտեսական բարձրագոյն խորհուրդի նիստին մէջ:

Խորհուրդը, որուն մէջ կը մտնեն ԵԱՏՄ-ի անդամ երկիրներու պետութիւններու կամ կառավարութիւններու ղեկավարները, կը հաւաքուին առնուազն տարին մէկ անգամ, որոշումները կ՛ընդունին փոխադարձ համաձայնութեամբ: Վերջին նիստը տեղի ունեցած է 8 մայիս 2024-ին:

 

Նախորդը

«Կապիկի Ծաղկախտի Պարագային Դիմակ Կրելը Պարտադիր Չէ» Կ՛ըսէ Առողջապահութեան Համաշխարհային Կազմակերպութիւնը

Յաջորդը

Ամերիկեան Դեսպանատան Գործերու Ժամանակաւոր Հաւատարմատարը Կանչուած Է Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն

RelatedPosts

Թրամփ. «Իրանի Վերաբերեալ  Որոշում Մը Պիտի Տամ»
Գլխաւոր լուրեր

Թեհրան. «Իրանն Ու Օմանը Հորմուզի Նեղուցին Մէջ Ժամանակաւոր Նաւարկման Ուղիի Շուրջ Փոխըմբռնում Գոյացուցին»

October 14, 2026
Թրամփ. «Իրան Կ՛ուզէ Համաձայնութեան Հասնիլ,  Սակայն Չի Գիտեր Ատիկա Ինչպէս Ընել»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրան Կ՛ուզէ Համաձայնութեան Հասնիլ, Սակայն Չի Գիտեր Ատիկա Ինչպէս Ընել»

October 14, 2026
Ազրպէյճանի Դպրոցներուն Մէջ Լաչակի Սահմանափակումներու Հարցով Բողոքի Ցոյցեր  Եւ Թուրքիոյ Հետ Լարուածութիւն
Միջազգային

Ազրպէյճանի Դպրոցներուն Մէջ Լաչակի Սահմանափակումներու Հարցով Բողոքի Ցոյցեր Եւ Թուրքիոյ Հետ Լարուածութիւն

October 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.