Մոլտովայի Նախագահական Ընտրութեան Մէջ Սանտուն Յառաջատար Է, Իսկ Հանրաքուէի Քուէները Գրեթէ Հաւասար Բաժնուած Են
Մոլտովայի նախագահական ընտրութեան քուէներու 98,29 առ հարիւրին հաշուարկով` յառաջատար է գործող նախագահ Մայա Սանտու: Այս մասին հաղորդեց «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը: Ան ապահոված է քուէներուն 41,92 առ հարիւրը: Երկրորդ դիրքի վրայ է նախկին ընդհանուր դատախազ Ալեքսանտր Սթոյնակլոն, որուն կ՛աջակցի ընդդիմադիր Ընկերվարական կուսակցութիւնը: Ան ապահոված է քուէներուն 26,35 առ հարիւրը: Մոլտովան կը սպասէ ընտրութեան երկրորդ փուլին: Ինչ կը վերաբերի Եւրոպական Միութեան անդամակցելու...




















