Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Պի 2» Ռմբաձիգներով Ամերիկեան Յարձակումներ Եմէնի Վրայ. Հուսիները Կը Խոստանան Հակադարձել

October 18, 2024
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Եմէնի մէջ հուսիներու լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ երէկ կանուխ առաւօտուն ամերիկեան եւ բրիտանական օդային յարձակումներու իրերայաջորդ ալիքներ թիրախաւորած են երկիրը:

Ըստ նշեալ լրատուամիջոցներուն, 9 օդային յարձակումներ թիրախաւորած են մայրաքաղաք Սանաայի հիւսիսն ու հարաւը, ինչպէս նաեւ Սաատա քաղաքի արեւելքը գտնուող Քահլան եւ Աալիլա շրջանները:

Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Լոյտ Օսթին իր կարգին յայտնեց, որ ամերիկեան օդուժը ճշգրիտ հարուածներ հասցուցած է Եմէնի մէջ հուսիներու վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքներուն մէջ զէնքերու ստորգետնեայ 5 պահեստանոցներու:

Ան աւելցուց, որ հարուածուած են նաեւ վայրեր, որոնք հուսիները օգտագործած են թիրախաւորելու համար Կարմիր ծովուն մէջ նաւարկող նաւերը` ընդգծելով, որ Ուաշինկթըն պիտի չտատամսի հուսիներու յարձակումները զսպելու եւ նաւարկութեան ազատութիւնը պաշտպանելու որեւէ քայլ որդեգրելու:

Փենթակոնի ղեկավարը ըսաւ, որ յարձակումները կատարուած են նախագահ Ճօ Պայտընի հաւանութեամբ եւ «Պի 2» ռմբաձիգներու մասնակցութեամբ: Վերջիններս մինչեւ հիմա հուսիներու կառոյցներու եւ թիրախաւորման համար օգտագործուած մեծագոյն օդանաւներն են եւ կրնան այլ օդանաւերէ աւելի ծանր ռումբեր կրել:

Օսթին նշեց, որ այս ռմբակոծումը իւրայատուկ ցուցադրութիւն մըն էր Միացեալ Նահանգներու կարողութեան հարուածելու կառոյցներ, որոնք «մեր թշնամիները կը ջանան մեր հասողութենէն հեռու պահել, անկախ այն իրողութենէն, թէ գետնի տակ որքան խորութեան վրայ են, կամ տոկուն են կամ ամրապնդուած»:

Միւս կողմէ, հուսիներու քաղաքական գրասենեակը յայտնեց, որ մայրաքաղաք Սանաայի եւ Սաատա նահանգին վրայ ամերիկեան յարձակումները անպատասխան պիտի չմնան, այդ յարձակումները Եմէնը ետ պիտի չպահեն Կազային ու Լիբանանին աջակցելէ եւ թիկունք կանգնելէ:

Նախորդը

Լաթաքիոյ Վրայ Իսրայէլեան Յարձակում

Յաջորդը

Իսրայէլ Ժապալիայի Մէջ Ջարդ Գործեց

RelatedPosts

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

February 2, 2026
Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.