 Ուաշինկթըն «խիստ մտահոգուած է» այն տեղեկութիւններով, որ հիւսիսային քորէացի զինուորներ տեղակայուած են ռուսերու հետ միասին Ուքրանիոյ դէմ պատերազմին մէջ. Հարաւային Քորէայի եւ Ուքրանիոյ այդ պնդումները տակաւին չեն ստուգուած: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին ըսած է ամերիկացի պաշտօնատար մը:

«Եթէ ատիկա ճիշդ է, ատիկա վտանգաւոր զարգացում պիտի ըլլայ Ուքրանիոյ դէմ Ռուսիոյ պատերազմին մէջ», ըսած է Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի բանբեր Շան Սաւեթը` աւելցնելով, որ նման քայլը «պիտի մատնանշէ Ռուսիոյ աճող յուսահատութիւնը», որովհետեւ Մոսկուան «մարտի դաշտին մէջ կորուստներ» կը կրէ:
Հարաւային Քորէան 18 հոկտեմբերին յայտարարեց, որ Փիոնկիանկ այս ամսուան սկիզբէն սկսած է մասնայատուկ ուժեր տեղափոխել Ռուսիա` Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքիի նմանատիպ մեղադրանքէն օրեր ետք:
Քրեմլին նախապէս հերքած էր Հարաւային Քորէայի այն պնդումները, թէ Փիոնկիանկը Մոսկուային հրետանային ռումբեր եւ փոքր հասողութեամբ հրթիռներ մատակարարած է:
Օրեր առաջ հաղորդուեցաւ, որ Մոսկուան կը վաւերացնէ Փիոնկիանկի հետ զինուորական դաշինքը: Հրապարակուած փաստաթուղթի չորրորդ կէտը կը նշէր, որ եթէ կողմերէն ոեւէ մէկը զինուորական յարձակումի ենթարկուի այլ պետութեան կամ պետութիւններու կողմէ, եւ յայտնուի պատերազմի մէջ, միւսը անյապաղ զինուորական եւ այլ աջակցութիւն պիտի ցուցաբերէ: