Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պայտըն. «Ժամանակն Է Վերջ Տալու Պատերազմին»

Հոկտեմբեր 19, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն երէկ Գերմանիա հասնելէն ետք լրագրողներուն յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընը պիտի ուղարկէ Իսրայէլ:

«Ժամանակն է վերջ տալու այս պատերազմին եւ այս գերիներու վերադարձի հարցին, եւ ատիկա ընելու պատրաստ ենք, եւ Էնթընի Պլինքընը Իսրայէլ պիտի ուղարկեմ»,  ըսաւ Պայտըն` նշելով, որ ատիկա «4 կամ 5 օրէն տեղի պիտի ունենայ»:

Մինչ այդ, Սպիտակ տունը հաղորդեց. «Պայտըն եւ (Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին) Նեթանիահու քննարկեցին գերիները վերադարձնելու եւ Իսրայէլի անվտանգութիւնը երաշխաւորելով պատերազմին վերջ տալու համար Սընուարի սպանութենէն օգտուելու կարելիութիւնը»:

«Պայտըն եւ Նեթանիահու քննարկեցին, թէ ինչպէ՛ս կարելի է Համասին արգիլել անգամ մը եւս Կազայի վրայ վերահսկողութիւն հաստատել», նշեց Սպիտակ տունը` աւելցնելով. «Պայտըն Եւ Նեթանիահու համաձայնեցան սերտ կապի մէջ մնալ, ըլլայ այդ ուղղակի կերպով կամ ազգային անվտանգութեան խումբին ճամբով»:

Նեթանիահուի գրասենեակը իր կարգին հաղորդեց. «Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն այսօր երեկոյեան հեռաձայնեց Նեթանիահուին եւ զինք շնորհաւորեց Եահիա Սընուարի ահաբեկման համար»:

«Միացեալ Նահանգներու նախագահը գնահատեց իսրայէլեան բանակը իր հոյակապ աշխատանքին համար», նշեց գրասենեակը` աւելցնելով. «Պայտըն եւ Նեթանիահու համաձայնեցան, որ գերիներու ազատ արձակման հարցին մէջ յառաջ ընթանալու առիթ գոյութիւն ունի»:

Նախքան այդ, Պայտըն յայտնած էր. «Շուտով Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի հետ պիտի խօսիմ` քննարկելու համար գերիներու վերադարձն ու պատերազմին վերջ տալը»:

«Սընուարի սպանութիւնը Իսրայէլի, Միացեալ Նահանգներու եւ աշխարհի համար լաւ օր մըն է», ըսաւ ան` նշելով. «Սընուարը պատասխանատու էր հազարաւոր իսրայէլացիներու, պաղեստինցիներու, ամերիկացիներու եւ աւելի քան 30 պետութիւններու քաղաքացիներու սպանութեան համար»:

«Այժմ յարմար առիթ է Կազայի մէջ առանց Համասի իշխանութեան տիրապետութեան եղող յաջորդ օրուան համար», նշեց Պայտըն` աւելցնելով. «Սընուարի սպանութենէն ետք ժամանակն է յառաջ շարժելու, եւ կը մաղթեմ, որ Նեթանիահուն շուտով վերջ տայ պատերազմին»:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն յայտարարեց. «Համասի ղեկավար Եահիա Սընուարի սպանութենէն ետք աշխարհը աւելի լաւ դարձաւ»:

«Յառաջիկայ օրերուն պիտի կրկնապատկենք տագնապին վերջ տալու համար գործընկերներու հետ մեր ջանքերը», ըսաւ ան:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց. «Գերիներու տունդարձի եւ զինադադարի հաստատման մեր ջանքերը պիտի կրկնապատկենք»: Ան նաեւ աւելցուց. «Նախարար Պլինքըն այսօր հաղորդակցութիւն ունեցաւ շրջանին մէջ իր պաշտօնակիցներուն եւ Միացեալ Նահանգներու գործընկերներուն հետ` պատերազմին վերջ տալու համար»:

«Սընուարի սպանութիւնը նոր առիթ կ՛ընծայէ պատերազմին վերջ տալու, որովհետեւ անցնող շաբաթներուն ընթացքին կը մերժէր բանակցիլ», ըսաւ ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը` նշելով. «Կը ձգտինք, որ Կազայի պաղեստինցիները կարենան պատերազմէն ու Համասի տիրապետութենէն հեռու վերաշինել իրենց բնակարանները»:

Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Լոյտ Օսթին յայտնեց, որ Սընուարի սպանութիւնը տեւական զինադադարի շուրջ բանակցելու մեծ առիթ կ՛ընծայէ:

«Սընուարի մահը նաեւ արտակարգ առիթ կ՛ընծայէ տեւական զինադադարի հասնելու, այս ահաւոր պատերազմին վերջ տալու եւ շտապ կերպով մարդասիրական օժանդակութիւններ Կազա մտցնելու համար», նշեց Օսթին:

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Նոել Պարրօ յայտնեց. «Սընուարը խաղաղութեան խոչընդոտ էր, եւ միայն դիւանագիտութիւնն է, որ Իսրայէլի անվտանգութիւնը պիտի երաշխաւորէ»:

Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Տէյվիտ Լամի նշեց. «Ժամանակն է հաստատելու զինադադար մը, որ Միջին Արեւելքի մէջ նոր էջ կը բանայ»:

Իսրայէլի ելեւմուտքի նախարար, ծայրայեղ աջակողմեան Պեցալել Սմոթրիչ յայտնեց. «Համասը բացարձակապէս ոչնչացնելէ, բոլոր գերիները վերադարձնելէ եւ Կազայէն եկող սպառնալիքը վերացնելէ առաջ պատերազմը պիտի չդադրեցնենք»:

Ազհարը գուժեց «Պաղեստինեան դիմադրութեան հերոս նահատակները»` մերժելով զանոնք ահաբեկիչներ կոչել:

Ազհարը Սընուարի սպանութենէն ետք իր հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ յայտնեց. «Պաղեստինեան դիմադրութեան նահատակները իրաւամբ դիմադրողներ էին, որոնք իրենց թշնամիները սպաննեցին եւ անոնց սրտերը ահ ու սարսափի մատնեցին, եւ ահաբեկիչներ չէին, ինչպէս թշնամին կը փորձէ ստախօսութեամբ ու խաբէութեամբ ներկայացնել»` աւելցնելով, որ անոնք իրենց հողը, «իրենց ու մեր դատը, արաբներու եւ աշխարհի տարածքին իսլամներու դատը կը պաշտպանէին»:

Սպիտակ տան Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի բանբեր Ճոն Քըրպի յայտնեց, որ Համասի քաղաքական գրասենեակի ղեկավար Եահիա Սընուարը Կազայի մէջ զինադադարի համաձայնութեան գոյացման գլխաւոր խոչընդոտն էր, եւ անոր սպանութիւնը կը յառաջացնէ «շրջադարձ մը», որ պիտի արագացնէ պատերազմին վերջ տալու բանակցութիւնները, սակայն շեշտեց. «Մենք ներկայիս այն կացութեան մէջ չենք, որ մեզի կ՛արտօնէ զինադադարի լուրջ բանակցութիւններ կատարել: Մենք այլեւս Կազայի մէջ զինադադարի հաստատման բանակցութիւններու սեղանին վրայ չենք»:

Քըրպի նշեց, որ Համաս այժմ աւելի տկար դիրքի վրայ է, սակայն տակաւին մահաբեր է, տակաւին Կազայի մէջ է եւ տակաւին կարողութիւններ ունի:

 

Նախորդը

Պաշտօնապէս Հաստատելով Սընուարի Սպաննուած Ըլլալը` Հայէ. «Իսրայէլացի Գերիները Պիտի Չվերադառնան Առանց Իսրայէլեան Ուժերու Ամբողջական Հեռացման Եւ Պաղեստինցի Գերիներու Ազատ Արձակման»

Յաջորդը

«3+3»-ի Նիստի Ժամանակ. Պայրամով. «Շրջանին Մէջ Կայուն Խաղաղութեան Համար Հայաստանը Պէտք Է Փոփոխութիւններ Կատարէ Սահմանադրութեան Մէջ»

RelatedPosts

Ակնարկ.  Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս
Գլխաւոր լուրեր

«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եւրոպական Միութեան Դեսպան Վասիլիս Մարակոսի Հետ Հանդիպում Ունեցան
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եւրոպական Միութեան Դեսպան Վասիլիս Մարակոսի Հետ Հանդիպում Ունեցան

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?