Կազայի մէջ առողջապահութեան նախարարութիւնը երէկ յայտարարեց, որ Իսրայէլ նոր ջարդ մը գործած է` Կազայի հիւսիսը Ժապալիայի գաղթակայանին մէջ հազարաւոր տեղահանուածներ պատսպարող դպրոց մը ռմբակոծելով:
Ըստ նախնական տուեալներու, արձանագրուած են 25 զոհեր եւ 150 վիրաւորներ: