Մոլտովայի նախագահական ընտրութեան քուէներու 98,29 առ հարիւրին հաշուարկով` յառաջատար է գործող նախագահ Մայա Սանտու: Այս մասին հաղորդեց «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը:
Ան ապահոված է քուէներուն 41,92 առ հարիւրը: Երկրորդ դիրքի վրայ է նախկին ընդհանուր դատախազ Ալեքսանտր Սթոյնակլոն, որուն կ՛աջակցի ընդդիմադիր Ընկերվարական կուսակցութիւնը: Ան ապահոված է քուէներուն 26,35 առ հարիւրը:
Մոլտովան կը սպասէ ընտրութեան երկրորդ փուլին:
Ինչ կը վերաբերի Եւրոպական Միութեան անդամակցելու հանրաքուէին, այստեղ քուէները բաժնուած են գրեթէ հաւասար. քուէներու 98 առ հարիւրին հաշուարկով` քուէարկողներուն 50,03 առ հարիւրը Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան թեր արտայայտուած է, իսկ 49,97 առ հարիւրը` դէմ:
Նախքան հանրաքուէի կայացումը, հարցախոյզները ցոյց տուած էին, որ հարցախոյզներու մասնակիցներուն բացայայտ մեծամասնութիւնը կողմնակից է Եւրոպական Միութեան համարկման:
20 հոկտեմբերին տեղի ունեցած նախագահական ընտրութեան եւ հանրաքուէի նախնական արդիւնքներուն հրապարակումէն ետք Մոլտովայի եւրոպամէտ նախագահ Մայա Սանտու մեղադրած է «յանցաւոր խմբաւորումներն ու արտաքին ուժերը»` «մոլտովացի ընտրողներու քուէները գնել փորձելու յանցանքով»:
Եւրոպական Միութեան արտաքին եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ճոզեփ Պորել «Էքս»-ի վրայ գրառում կատարելով ողջունած է Մոլտովայի մէջ Եւրոպական Միութեան անդամակցելու հարցով հանրաքուէի արդիւնքները եւ դատապարտած է ատոր ընթացքին «Ռուսիոյ միջամտութիւնը»:
Պորել բարձր գնահատած է Մոլտովայի իշխանութիւններուն աշխատանքը ժողովրդավարական չափանիշերուն համապատասխան կամքի արտայայտման հոլովոյթ կազմակերպելու համար:
Ան նաեւ հրապարակեց Եւրոպայի անունով յայտարարութիւն մը, որուն մէջ դատապարտած է «Ռուսիոյ խառնածին միջամտութիւնը երկրին մէջ նախընտրական քարոզարշաւին եւ հանրաքուէին, եւ խոստացած է շարունակել աջակցիլ Մոլտովայի Եւրոպական Միութեան համարկման ուղիին»:
«Եւրոպական Միութիւնը կ՛ողջունէ հանրաքուէին արդիւնքները: Մոլտովայի քաղաքացիները պատմական ընտրութիւն կատարած են` իրենց ապագան յանձնելու Եւրոպական Միութեան, հակառակ Ռուսիոյ եւ անոր վստահուած անձերու կողմէ ժողովրդավարական քուէարկութիւնը խաթարելու զանգուածային միջամտութեան եւ խառնածին արշաւին: Այս քուէարկութիւնները կ՛արտացոլեն Մոլտովայի խաղաղ, անկախ, ժողովրդավարական եւ բարգաւաճ ապագայի ցանկութիւնը», նշուած է յայտարարութեան մէջ: