Փարիզ բանակցութիւններ կը վարէ Հիւսիսատլանտեան դաշինքի իր գործընկերներուն հետ` Ուքրանիան անմիջապէս հրաւիրելու կարելիութեան շուրջ: Այս մասին Քիեւ իր այցելութեան ընթացքին յայտարարած է Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան-Նոել Պարրօ:
«Ինչ կը վերաբերի Ուքրանիան ՕԹԱՆ հրաւիրելուն, մենք ատիկա չենք բացառեր եւ այդ հարցի շուրջ քննարկումներ կը կատարենք մեր գործընկերներուն հետ», ըսած է ան:
«Պլումպըրկ» հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն Գերմանիա կատարած այցելութեան աւարտին յայտարարած է, որ արեւմտեան դաշնակիցները տակաւին չեն յաջողիր համախոհութեան հասնիլ Ուքրանիոյ կղմէ Ռուսիոյ տարածքին հարուածներ հասցնելու համար հեռահաս զէնք կիրարկելու հարցին շուրջ:
Պայտըն նախապէս յայտարարած էր, որ կը մշակուի Ուքրանիոյ համար հեռահար զէնքի օգտագործման սահմանափակումները վերացնելու հարցը:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն «Սքայ Նիուզ»-ին ըսած է, որ չի բացառուիր, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահը Ուքրանիոյ պիտի արտօնէ հրթիռային հարուածներ հասցնել Ռուսիոյ տարածքին:
Սպիտակ տան ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Ճոն Քըրպի իր կարգին մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներ տակաւին կը վերլուծեն Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքիի առաջարկած «Յաղթանակի ծրագիր»-ը, սակայն կ՛աջակցին նման նախաձեռնութեան:
«Ակնյայտ է, որ մենք տակաւին մանրամասն կ՛ուսումնասիրենք ծրագիրը: Այսպիսով, ես չեմ պատրաստուիր մանրամասնել իւրաքանչիւր առանձին կէտ: Սակայն մենք կը գնահատենք եւ կը յարգենք այն աշխատանքը, որ նախագահ Զելենսքի ներդրած է ատոր մէջ, մենք կը պատրաստուինք շարունակելու աշխատիլ անոր եւ անոր խումբին հետ` տեսնելու, թէ ինչպիսի՛ն կրնայ եւ պէտք է ըլլայ խաղաղութիւնը», ըսած է ան: