Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ալիեւի Զարմուհին Ձերբակալուեցաւ Յոյն Ոստիկանութեան Կողմէ Թմրեցուցիչ Տրամադրելու Յանցանքով

December 31, 2024
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ առաւօտ, յու­նա­կան ոս­տի­կա­նու­թիւ­նը շրջա­փա­կեց Ա­թէն­քի ա­րո­ւար­ձան­նե­րէն՝ ­Քա­լի­վիա շրջա­նին մէջ գտնո­ւող դղեակ մը, ո­րուն մէջ այդ պա­հուն մէկ­տե­ղո­ւած 28 ան­ձերը կը գոր­ծա­ծէին զա­նա­զան թմրե­ցու­ցիչ­ներ եւ ո­գե­լից ըմ­պե­լի­ներ, իսկ ա­նոնց­մէ շա­տե­րը սե­ռա­յին ան­կար­գու­թիւն­նե­րու մէջ մխրճո­ւած էին։

Ոս­տի­կա­նու­թիւ­նը ձեր­բա­կա­լեց նաեւ սեղմ շրջա­նա­կի պա­րա­հա­ւա­քոյ­թը կազ­մա­կեր­պո­ղը, որ ըստ յու­նա­կան մա­մու­լին, Ատր­պէյ­ճա­նի նա­խա­գահ Իլ­համ Ա­լիե­ւի զար­մու­հին է։ ­Տե­ղե­կու­թիւն­նե­րուն հա­մա­ձայն, ան կ­՚ապ­րի ­Մեծն Բ­րի­տա­նիոյ մէջ եւ 2021-ին իր ա­մու­սի­նին հետ ամ­բաս­տա­նո­ւած էր բրի­տա­նա­կան կար­գե­րուն կող­մէ մե­ծա­գու­մար անգ­լիա­կան ոս­կիի լո­ւաց­ման հա­մար։

Ա­զե­րի կի­նը ձեր­բա­կա­լո­ւե­ցաւ ան­ցեալ Եր­կու­շաբ­թի ա­ռա­ւօ­տուն՝ յու­նա­կան ոս­տի­կա­նու­թեան թմրե­ցու­ցի­չի կան­խար­գիլ­ման յա­տուկ ջո­կատ­նե­րուն կող­մէ։ Ան կ­՚ամ­բաս­տա­նո­ւի ա­պօ­րի­նի պա­րա­հա­ւա­քոյթ կազ­մա­կեր­պած ըլ­լա­լու մե­ղադ­րան­քով, ո­րուն հա­մար ղրկո­ւած հրա­ւէ­րին մէջ նշո­ւած էր թմրե­ցու­ցի­չի, ո­գե­լից ըմ­պե­լիի եւ … ո­րե­ւէ այլ ե­ղե­լու­թեան մա­սին։ Ոս­տի­կան­նե­րու մուտ­քի պա­հուն, 28 հո­գի մերկ վի­ճա­կի մէջ գտնո­ւե­ցան տան զա­նա­զան մա­սե­րը, մինչ յայտ­նի դար­ձաւ, թէ եր­կու օր տե­ւած պա­րա­հա­ւա­քի ըն­թաց­քին մեծ թի­ւով այլ հրա­ւի­րեալ­ներ եւս ան­ցան ան­կէ։

Ա­զե­րի կի­նը ձեր­բա­կա­լո­ւե­ցաւ ննջա­սե­նեա­կի մը մէջ, ուր իր մօտ գտնո­ւե­ցան 14 տար­բեր տե­սա­կի ծանր թմրե­ցու­ցիչ­ներ, ինչ­պէս նաեւ դրա­մարկ­ղի մը մէջ ոս­տի­կան­նե­րը պա­հո­ւած գտան մօտ 44 հա­զար եւ­րո­յի գու­մար մը։

Ոս­տի­կա­նու­թեան յար­ձա­կու­մին ըն­թաց­քին նաեւ բեր­ման են­թար­կո­ւե­ցան երեք ոս­տի­կան­ներ, ո­րոնք ա­պօ­րի­նի պա­հա­կու­թեան սպա­սար­կու­թիւն կը կա­տա­րէին դղեա­կին առ­ջեւ։

Ոս­տի­կա­նա­կան հրա­մա­նա­տա­րու­թեան պաշ­տօ­նա­կան յայ­տա­րա­րու­թեան հա­մա­ձայն 10 հո­գիի մօտ գտնո­ւե­ցան թմրե­ցու­ցիչ­ներ։ ­Ձեր­բա­կա­լո­ւած­նե­րէն մաս մը ան­ցեա­լին եւս ամ­բաս­տա­նո­ւած էր նման ա­պօ­րի­նու­թիւն­նե­րու հա­մար։ Ա­նոնք ար­դէն ա­ռաջ­նոր­դո­ւե­ցան դա­տա­խա­զու­թեան առ­ջեւ, ո­րոնց հաս­ցէին մե­ղադ­րանք ա­ռա­ջար­կո­ւե­ցաւ։

­Յու­նա­կան մա­մու­լը ո­րոշ բա­ցա­յայ­տում­ներ կա­տա­րեց Ատր­պէյ­ճա­նի նա­խա­գա­հի զար­մու­հիի ա­պօ­րի­նի գոր­ծառ­նու­թիւն­նե­րուն մա­սին։ Ըստ օ­տար լրա­տո­ւա­կան աղ­բիւր­նե­րուն, 2021-ին, ա­զե­րի կի­նը եւ իր ա­մու­սի­նը մտան ո­ճիր­նե­րու կան­խար­գիլ­ման անգ­լիա­կան ազ­գա­յին սպա­սար­կու­թեան (NCA) հսկո­ղու­թեան տակ, երբ յայտ­նի դար­ձաւ թէ ա­մո­լը ստա­ցած էր 13,9 մի­լիոն անգ­լիա­կան ոս­կի մութ հա­շիւ­նե­րու ճամ­բով։

Անգ­լիոյ պե­տու­թեան հետ գո­յա­ցած հա­մա­ձայ­նու­թեան շնոր­հիւ, ա­նոնք 4 մի­լիոն ոս­կիի հա­տու­ցում կա­տա­րե­ցին, խու­սա­փե­լու հա­մար ի­րենց հարս­տու­թեան բռնա­գան­ձու­մի պա­տի­ժէն: ­Հա­մա­ձայն անգ­լիա­կան transparency.org.uk կայ­քէ­ջին, ձեր­բա­կա­լո­ւած ա­մո­լը ըն­դու­նեց, թէ գու­մար­նե­րը ­Մեծն Բ­րի­տա­նիա հա­սան ատր­պէյ­ճա­նա­կան դրա­մի լո­ւաց­ման մութ ճամ­բա­նե­րով, ծա­նօթ իբ­րեւ «Azerbaijan Laundromat», որ առն­չո­ւած էր Ատր­պէյ­ճա­նի քա­ղա­քա­կան վերնախաւին կող­մէ կա­տա­րո­ւած գու­մար­նե­րու լուաց­ման ա­պօ­րի­նու­թիւն­նե­րուն հետ։ Ըստ կա­տա­րո­ւած հե­տա­խու­զու­թեան, 2012-էն մին­չեւ 2014, ատր­պէյ­ճա­նա­կան գումարներու լո­ւաց­ման ըն­թաց­քին, ա­ւե­լի քան 2,2 մի­լիառ ոս­կի հայ­թայ­թո­ւե­ցաւ բրի­տա­նա­կան զա­նա­զան կասկածելի հա­շիւ­նե­րու։

 

Նախորդը

Հրապարակի Վրայ Է «Ազդակ»-ի Նոր Տարուան Բացառիկը

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ (31 Դեկտեմբեր 2024)

RelatedPosts

Ըստ «Աքսիոս»-ի.  Թրամփ Կրնայ Միջանկեալ Ընտրութիւններէն Ետք  Իրանի Դէմ Լայնածաւալ Մարտական  Գործողութիւնները Վերականգնել
Գլխաւոր լուրեր

Ըստ «Աքսիոս»-ի. Թրամփ Կրնայ Միջանկեալ Ընտրութիւններէն Ետք Իրանի Դէմ Լայնածաւալ Մարտական Գործողութիւնները Վերականգնել

October 1, 2026
Իսրայէլ «Ֆլայ Տուպայ»-ի Դէպքը Կը Նկատէ  Օդանաւը Վար Առնելու Նպատակով  Ահաբեկչական Արարք»
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլ «Ֆլայ Տուպայ»-ի Դէպքը Կը Նկատէ Օդանաւը Վար Առնելու Նպատակով Ահաբեկչական Արարք»

October 1, 2026
«Սուրիոյ Ժողովրդավարական Ուժերուն Հետ  Մեր Յարաբերութիւնները Սերտ Են,  Եւ Ռուս Պաշտօնատարներու Հետ  Անոնց Հանդիպումներուն Իրազեկ Ենք»  Կ՛ըսէ Փենթակոն
Գլխաւոր լուրեր

Փենթակոն. «Ամերիկան Եւ Անոր Դաշնակիցները Պաշտօնապէս Աւարտեցին Իրաքի Մէջ «Ամուր Վճռակամութիւն» Գործողութիւնը»

October 1, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.