Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մեթիու Միլլըր յայտարարեց. «Արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան-Նոել Պարրոյի հետ խօսեցաւ: Անոնք քննարկեցին Սուրիոյ վերջին զարգացումները եւ սուրիացի ժողովուրդին օգնելը` օգտուելու աւելի լաւ ապագայ կառուցելու առիթէն` նուազեցնելով յաւելեալ անկայունութեան վտանգները, ներառեալ ՏԱՀԵՇ խմբաւորումէն եկող վտանգները, ինչպէս նաեւ սուրիական ղեկավարութեամբ փոխանցման համապարփակ գործողութիւն կատարելու անհրաժեշտութիւնը»:
Միլլըր իր հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ նշեց. «Պլինքըն շեշտեց անհրաժեշտութիւնը յարգելու Սուրիոյ մէջ բոլոր խմբաւորումներու մարդու իրաւունքներն ու միջազգային օրէնքը, ինչպէս նաեւ որդեգրելու բոլոր անհրաժեշտ նախազգուշական քայլերը պաշտպանելու քաղաքայինները, ներառեալ փոքրամասնութիւններուն պատկանող անհատները, քաջալերելու Ասատի նախկին վարչակարգի շրջանին կորսուած եւ անիրաւաբար կալանաւորուածներու, ներառեալ ամերիկացի լրագրող Օսթին Թայսի գտնուելու վայրերու ճշդման միջազգային աջակցութեան տրամադրումը»:
Միլըր նշեց. «Պլինքըն իր գնահատանքը արտայայտեց Լիբանանի նկատմամբ Ֆրանսայի աջակցութեան համար, ներառեալ լիբանանեան բանակին անոր շարունակուող օժանդակութիւնը: Ան անգամ մը եւս ընդգծեց կարեւորութիւնը համակարգուած գործելաոճի հետեւելու` լիբանանցի ժողովուրդին օգնելու նախագահական ընտրութեան ճամբով իր (պետական) հաստատութիւնները վերաշինելու եւ ղեկավարութիւնը վերստանձնելու համար»: