Ուքրանիոյ ժողովուրդը արժանի է ապրելու խաղաղութեան եւ անվտանգութեան մէջ, եւ Միացեալ Նահանգները միջազգային ընտանիքին հետ պիտի շարունակեն աջակցիլ Ուքրանիոյ: Այս մասին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն:
«Ս. Ծնունդի օրը Ռուսիան շարք մը հրթիռային եւ անօդաչու թռչող սարքերով հարուածներ հասցուցած է Ուքրանիոյ քաղաքներուն եւ կարեւոր ուժանիւթային ենթակառոյցներուն: Այս աղաղակող յարձակումին նպատակը ձմրան ուքրանացի ժողովուրդը զրկելն է ջերմութենէն ու ելեկտրականութենէն եւ վտանգել ելեկտրական ցանցերու անվտանգութիւնը:
«Կ՛ուզեմ յստակ ըսել. ուքրանացի ժողովուրդը արժանի է ապրելու խաղաղութեան եւ անվտանգութեան մէջ, եւ Միացեալ Նահանգները միջազգային ընտանիքին հետ միասին պէտք է շարունակեն աջակցիլ Ուքրանիոյ, քանի տակաւին երկիրը չէ տապալած ռուսական յարձակումը:
«Վերջին ամիսներուն Միացեալ Նահանգները Ուքրանիոյ տրամադրած են հակաօդային պաշտպանութեան հարիւրաւոր հրթիռներ, որոնցմէ շատերը ճամբան են: Ես պաշտպանութեան նախարարութեան յանձնարարած եմ արագացնել զէնքի մատակարարումները Ուքրանիոյ, եւ Միացեալ Նահանգները անխոնջ պիտի աշխատին ամրապնդելու Ուքրանիոյ դիրքերը ռուսական ուժերէն պաշտպանուելու հարցին մէջ»:


